Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Պարոնուհի Քոքսի Հետ Քննարկուած են Համագործակցութեան Հեռանկարները

Արցախի Մէջ Պարոնուհի Քոքսի Հետ Քննարկուած են Համագործակցութեան Հեռանկարները

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 10 Օգոստոսին ընդունած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսն ու վերջինիս հետ Արցախ ժամանած «Մարդասիրական օգնութեան հիմնադրամ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:

Խորհրդարանի ղեկավարը բարձր գնահատած պարոնուհի Քոքսի հայանպաստ գործունէութիւնն ու նշած, որ Քոքս առաջիններէն էր, որ Արցախեան ազատագրական շարժման մէջ տեսած է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան հրամայականը եւ տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն պաշտպանած այն:

Խօսելով Արցախի հետ բարեկամութեան եւ իրականացուող ծրագիրներուն մասին, պարոնուհին ընդգծած է, որ թէեւ արդէն 86-րդ անգամ է, որ Արցախ կ’այցելէ, այնուամենայնիւ, ամէն անգամ իւրովի կը բացայայտէ Արցախը եւ ականատես կ’ըլլայ դրական փոփոխութիւններու եւ նոր ձեռքբերումներու:

Այնուհետեւ հիւրերուն խնդրանքով Ազգային Ժողովի նախագահը ներկայացուցած է նոր Սահմանադրութեան առաձնայատկութիւնները, մասնաւորապէս պետական կառավարման ու մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու պաշտպանութեան ոլորտներու մէջ նախատեսուած փոփոխութիւնները:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ խորհրդարանական համագործակցութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին:

Հանդիպման կը մասնակցէին ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան եւ այլ պաշտօնատար անձեր:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւն

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment