Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՊՆ կը Հերքէ Ատրպէյճանական Լուրերը. Հայկական Կողմը Կրակ չէ Բացած

ՊՆ կը Հերքէ Ատրպէյճանական Լուրերը. Հայկական Կողմը Կրակ չէ Բացած

by MassisPost

Երէկ երեկոյեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին այն մասին, որ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են ատրպէյճանական Կարալար գիւղի ուղղութեամբ, որուն հետեւանքով վիրաւորուած է 13-ամեայ երեխայ մը։

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ վերը նշուած տեղեկութիւնը եւ կը յայտարարէ, որ երէկ երեկոյեան եւ անցնող գիշերուայ ընթացքին հայկական զինուած ուժերը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով, որեւէ զինատեսակէ կրակ չեն բացած։ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը եւս մէկ անգամ կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն վերցներ խաղաղ բնակավայրերը։

Ատրպէյճանական քարոզչամեքենայի կեղծիքն ի յայտ կու գայ նոյնիսկ իրենց տարածած լուսանկարներուն մէջ, ուր պարզ կ’երեւուի, որ երեխային վէրքերը ակնյայտօրէն հին են եւ որեւէ կապ չեն կրնար ունենալ Օգոստոսի 7-ին իբրեւ թէ ստացած բեկորային վնասուածքներուն հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնն Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան կոչ կ’ուղղէ զերծ մնալ նոր արկածախնդրութիւններէ, ինչպէս նաեւ կը նախազգուշացնէ, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment