Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանիա Եւրոպական Յանձնաժողովէն կը Պահանջէ Նիւթական Ճնշում Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ

Գերմանիա Եւրոպական Յանձնաժողովէն կը Պահանջէ Նիւթական Ճնշում Գործադրել Թուրքիոյ Վրայ

by MassisPost

Գերմանիոյ կառավարութիւնը Եւրոպական յանձնաժողովէն կը պահանջէ նիւթական ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ, կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» գործակալութիւնը:

Եւրոպացի պաշտօնեաներուն, այդ թուին՝ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով ԵՄ յանձնակատար Եոհաննէս Հանի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի հասցէագրուած նախնական փաստաթուղթին մէջ պաշտօնական Պերլին կը բարձրացնէ ԵՄ անդամակցութեան համար Թուրքիոյ տրամադրուող նիւթական օժանդակութիւնն անհրաժեշտութեան պարագային դադրեցնելու հարցը:

Գերմանական իշխանութիւնները կը գտնեն, որ Թուրքիա իրեն տրամադրուող միջոցները պէտք է ծախսէր երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ օրէնքի գերակայութեան ապահովման համար, մինչդեռ ներկայիս պատկերը բոլորովին այլ իրողութեան մասին կը վկայէ:

Բացի անկէ, դաշնային կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը պէտք է սառեցնէ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Մաքսային միութեան արդիականացման շուրջ բանակցութիւնները, նշելով, որ բանակցային գործընթացի շարունակութիւնը կրնայ «վատ ազդանշան» ըլլալ Թուրքիոյ համար:

Փաստաթուղթին մէջ յիշատակուած են եւրոպական մակարդակով պաշտօնական Անգարայի վրայ նիւթական ճնշում գործադրելու շարք մը այլ միջոցներ եւս:

Աւելի վաղ, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ յայտարարած էր, որ Գերմանիա կը վերանայի իր քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ նկատմամբ նաեւ տնտեսական առումով: Գաբրիէլ չէր բացառած, որ Պերլին կրնայ լուրջ կասկածի տակ առնել Թուրքիոյ մէջ գերմանական ներդրումներու անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ Գերմանիա Եւրոպայի տարածքին Թուրքիոյ թիւ մէկ առեւտրային գործընկերն է: Երկու երկիրներու միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2015 թուականին հասած էր 37 միլիառ եւրոյի: Թուրքիոյ տարածքին այսօր շուրջ 7 հազար գերմանական ընկերութիւններ կը գործեն:

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձած էր Գաբրիէլին, յայտնելով, որ Գերմանիա այսպիսով ա’լ աւելի կը խորացնէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ ճգնաժամը:

Յիշեցնենք, որ Թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով սրուեցան մօտ երեք շաբաթ առաջ, երբ Պոլսոյ ոստիկանութիւնը քաղաքի հիւրանոցներէն մէկուն մէջ կազմակերպուած սեմինարի ընթացքին ձերբակալեց խումբ մը իրաւապաշտպաններ, որոնց թուին էր նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացի Փիթըր Շթոյտնըր:

Այս դէպքէն ետք Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յորդորած է իր երկրի քաղաքացիներուն զերծ մնալ Թուրքիա այցելելէն, զգուշացնելով, որ անոնք կրնան ազատազրկման վտանգին առջեւ կանգնիլ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment