Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Թուրք Ազգի Պատմութիւնն ու Անցեալը Վիրաւորող» Պատգամաւորները Պիտի Պատժուին

«Թուրք Ազգի Պատմութիւնն ու Անցեալը Վիրաւորող» Պատգամաւորները Պիտի Պատժուին

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախօրէին ընդունուած է իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» եւ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութիւններու մշակած պատգամաւորներու վարքին, արտաքին տեսքին եւ խորհրդարանի նիստերու ընթացքին վերաբերող ներքին կանոնակարգային փոփոխութիւններու 18 կէտէ կազմուած փաթեթը: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Այս փաթեթը ուշագրաւ կէտ մը կը պարունակէ․ ըստ անոր, փաստացիօրէն, կը սահմանափակուի պատգամաւորներու խօսքի ազատութիւնը։ Կէտերէն մէկուն համաձայն ալ, նախատեսուած է պատիժ սահմանել այն պատգամաւորներուն նկատմամբ, որոնք կը վիրաւորեն «թուրք ազգի պատմութիւնն ու անցեալը»։ Պատժելի կը համարուի, մասնաւորապէս, պատգամաւորներու կողմէ խորհրդարանի ամպիոնէն «Հայոց Ցեղասպանութիւն», «Տերսիմի կոտորած», «Քիւրտիստան», «Ամէտ» (Տիարպէքիրի քրտական հին անուանումը), «քրտական նահանգներ» արտայայտութիւններու կիրառումը։

Այս կարգը խախտած պատգամաւորները ժամանակաւորապէս պիտի հեռացուին խորհրդարանի աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ անոնց աշխատավարձէն 12 հազար լիրայի չափով պահում պիտի կատարուի։ Փոփոխութիւններու փաթեթին դէմ քուէարկած են ընդդիմադիր Ժողովրդա-հանրապետական եւ Ժողովուրդներու դեմոկտրակական կուսակցութիւնները: Վերջիններուս հայազգի պատգամաւորներ Սելինա Տողանն ու Կարօ Փայլանը յայտարարած են, որ կանոնակարգային փոփոխութիւններն անօրինական են եւ նպատակ կը հետապնդեն խորհրդարանին մէջ լռեցնել ընդդիմութեան ու փոքրամասնութիւններու ձայնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment