Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Առաջին Կիսամեակին Արցախի մէջ 1144 Երեխայ Ծնած է

Առաջին Կիսամեակին Արցախի մէջ 1144 Երեխայ Ծնած է

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքացիական կացութեան ակտերու գրանցման (ՔԿԱԳ) գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, ընթացիկ տարուայ առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ ծնած է 1144 երեխայ, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածի 1189-ի փոխարէն:
Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութեան ՔԿԱԳ եւ նոտարիատի գործակալութենէն:
Ամենաշատ ծնունդները գրանցուած են Ստեփանակերտի մէջ՝ 477 (նախորդ տարի՝ 487), շրջաններէն՝ Մարտակերտի մէջ՝ 161, որ կը համապատասխանէ նախորդ տարուայ ցուցանիշին:

Գործակալութեան տուեալներուն համաձայն, 2017 թուականի առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ գրանցուած է 368 ամուսնութիւն, նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ մօտ 30%-ով աւելի (283): Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան Արդարադատութեան նախարարութենէն:
Ամենաշատ ամուսնութիւնները գրանցուած են մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ՝ 142 (նախորդ տարի՝ 86), շրջաններէն՝ Մարտակերտի մէջ՝ 52 (նախորդ տարուայ ցուցանիշը՝ 40):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment