Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Պէտք է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Սատարենք Քիւրտերուն. Իսրայէլցի Ընդդիմադիր Գործիչ

Մենք Պէտք է Ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Սատարենք Քիւրտերուն. Իսրայէլցի Ընդդիմադիր Գործիչ

by MassisPost

Իսրայէլեան «Եշ Աթիտ» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ Եաիր Լափիտ կոչ ուղղած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու սատարել քրտական պետութեան կազմաւորման՝ ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի պահուածքին:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Լափիտ նշած է, որ Թուրքիա ամէն անգամ աւելի ու աւելի ցաւօտ կը հարուածէ Իսրայէլին, կը գրէ «Jerusalem Post»ը:

«Մենք պէտք է ըսենք՝ լաւ, հասկցանք, հիմա մենք մեր քաղաքականութիւնը պիտի ունենանք: Այս պահէն մենք կը սատարենք քրտական անկախ պետութեան ստեղծման ու պէտք է ճանչնանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Մենք պէտք է իրականացնենք այն ամէնը, ինչ չենք իրականացուցած, երբ լաւ յարաբերութիւններ ունէինք Թուրքիոյ հետ, քանի որ այլեւս այդ յարաբերութիւնները չկան ու պիտի չըլլան նաեւ ապագային»,- յայտարարած է ընդդիմադիր գործիչը:

Եաիր Լափիտ կոչ ուղղած է նաեւ հրաժարելու դէպի Թուրքիա կազային խողովակաշարի գաղափարէն:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Ռեճէփ Թայիփ Էրտողան խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթի ժամանակ կոչ ուղղած էր բոլոր իսլամներուն այցելել Տաճարի լեռ եւ պաշտպանել Ալ Աքսան այնպէս, ինչպէս Մաքքան եւ Մատինան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment