Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլ Պատրաստ է Բոլորին Զէնք Վաճառել, Այդ Թուին՝ Հայաստանին

Իսրայէլ Պատրաստ է Բոլորին Զէնք Վաճառել, Այդ Թուին՝ Հայաստանին

by MassisPost

Ատրպէյճանի սպառազինութեան հիմնական մատակարարներէն մէկը հանդիսացող Իսրայէլ պատրաստ է զէնք վաճառել նաեւ Հայաստանին, սակայն այդ մէկը կախուած է գնային առաջարկէն ու այլ գործօններէն: Այսօր այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան:

«Իսրայէլի դիրքորոշումը շատ պարզ է, հրապարակաւ էլ հնչել է՝ իրենք պատրաստ են բոլորին վաճառել, այդ թուում նաեւ մեզ: Ռազմական համագործակցութեան ոլորտում մենք ունենք մեր ձեւաչափը, դա ՀԱՊԿ-ն է, բացի դրանից մենք նաեւ որոշակի ծրագրերի շրջանակներում համագործակցում ենք ՆԱԹՕ-ի հետ»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը, աւելցնելով, որ Իսրայէլէն զէնքի ձեռք բերումը կախուած է, մասնաւորապէս, գնային առաջարկէն:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի հրաւէրով այս շաբաթ եռօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստան կը գտնուէր Իսրայէլի տարածաշրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի, որ անցեալին քանի մը տարի զբաղեցուցած է երկրի հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերու պատասխանատու նախարարի պաշտօնը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին իսրայէլցի բարձրաստիճան պաշտօնեան երէկ նշած էր, որ իր այցի նպատակը Հայաստանի ու Իսրայէլի յարաբերութիւններու ամրապնդումն է՝ ընդգծելով, որ ստորագրուած են շարք մը ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մասին համաձայնագրեր:

Հայաստանի հետ ռազմական ոլորտի հնարաւոր համագործակցութեան վերաբերեալ հարցին Հանեկպի, այդուհանդերձ, չէր պատասխանած, նշելով, որ իր գործունէութեան ուղղութիւնը չ’առնչուիր ռազմական ոլորտին, ինչպէս անցեալին էր: Իսրայէլցի նախարարը հրաժարած էր խօսիլ նաեւ Ատրպէյճանին Իսրայէլի կողմէ սպառազինութեան վաճառքի մասին:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալն այսօր ընդունեց, որ հայ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ կան դժուարութիւններ: «Հայաստանի եւ Իսրայէլի ժողովուրդների միջեւ կան շատ ընդհանրութիւններ: Ի հարկէ՝ կան նաեւ կնճռոտ ծալքեր: Եւ շատ կարեւոր է, որ լինի երկխօսութիւն, որպէսզի պետութիւններն, այնուամենայնիւ, միմիանցից մեկուսացուած չլինեն, եւ այդ ուղղութեամբ քայլեր են կատարուում»,- յայտնած է Շաւարշ Քոչարեան:

Հաւանական է, որ Հայաստան Իսրայէլէն զէնք չի գներ ոչ միայն նիւթական միջոցներու անբաւարարութեան, այլեւ այդ երկրի հետ Հայաստանի հարեւանի՝ Իրանի ունեցած լուրջ խնդիրներուն պատճառով, կը կարծէ քաղաքական մեկնաբան Յակոբ Բադալեան: «Բացառուած չէ, որ այդ սպառազինութեան գործարքը, դրա հետ կապուած յարաբերութիւնները կառուցելիս, Իսրայէլը որոշակի պայմաններ, որոշակի նրբերանգներ է առաջ քաշում Իրանի հետ յարաբերութիւնների մասով, եւ բացառուած չէ, որ Հայաստանն այդ առումով ձեռնպահ է մնում դրանց ընդառաջ գնալուց, մինչդեռ Ատրպէյճանն, օրինակ, գնում է դրանց ընդառաջ»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշեց մեկնաբանը:

Բադալեանի կարծիքով, վատ չէր ըլլար, եթէ Հայաստան զէնք գնէր Իսրայէլէն, սակայն, անոր խօսքով, ռազմական համագործակցութենէ աւելի կարեւոր է Իսրայէլի հետ քաղաքական շփումներու մէջ բարձր մակարդակի հասնիլը: «Ակնյայտ է, որ Իսրայէլը ներգրաւուած է տարածաշրջանային զարգացումներում, եւ հիմնական ներգրաւուածութեան խողովակն այժմ դիտուում է Ատրպէյճանը: Եւ Հայաստանը, բոլոր դէպքերում, ունի դա հաւասարակշռելու անհրաժեշտութիւն, եւ եթէ հնարաւորութիւն ունի Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները խորացնել ու ընդլայնել, դա կարող է իսկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունենալ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ ընդհանրապէս տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական իրավիճակի համար»,- շարունակեց Բադալեան:

Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան այսօր տեղեկացուց նաեւ, որ աշխատանքներ կը տարուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կազմակերպելու ուղղութեամբ, բայց այդ հարցին մէջ յստակութիւն տակաւին չկայ․ «Համանախագահների կողմից առաջարկութիւնը, գիտէք, եղել է, այդ ուղղութեամբ արտգործնախարարներն աշխատում են, դեռ վերջնական որեւէ պայմանաւորուածութիւն, որոշում չկայ»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան օրեր առաջ «Արմենիա» հեռուստաընկերութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ նախնական պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման վերաբերեալ, եւ այն կրնայ կայանալ աշնան: Վերջին անգամ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպում Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած էր անցեալ տարուայ Յունիսին՝ Սանկտ-Փեթերսպուրկի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment