Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սեւան Նշանեան Նոր Մանրամասնութիւններ Պատմած է իր Բանտի Տարիներուն Մասին

Սեւան Նշանեան Նոր Մանրամասնութիւններ Պատմած է իր Բանտի Տարիներուն Մասին

by MassisPost

Թրքական բանտէն  խոյս   տուած  Սեւան Նշանեան պատմած է    իր  3.5 տարուան  բանտարկութեան մասին:

Birgun պարբերաթերթը կը նշէ, որ Նշանեան շնորհակալութիւն  յայտնած է իրեն աջակցած ու օգնութեան ձեռք մեկնած գաղափարակից ընկերներուն եւ ընտանիքին: Ան  բանտարկութեան շրջանին յաճախ բանտէն դուրս գալու հեծանիւային զբօսանքներ կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ծովի ափին «խնճոյք»ներ կազմակերպելու առիթ ունեցած է: Իր բանտարկութեան առաջին 6 ամիսը Նշանեան անցուցած  է ամբողջովին մեկուսացած: Աշխատած է  թրքերէն լեզուի զարգացման պատմութեան մասին իր   հատորին  վրայ, մշակած է թրքերէն ու օսմաներէն բազմաթիւ բառեր: Աւելի ուշ նոյն խուցին մէջ բանտարկուած  եղած  է թուրք դատախազ մը: Նշանեան ստանձնած է բանտի գրադարանի հիմնման գործը եւ զբաղած է բանտի այգիի մշակումով:

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն յետոյ Նշանեան բանտին մէջ  կը հանդիպի հակապետական դատապարտեալներու:
Ֆոջայի բաց ռեժիմի բանտ տեղափոխուելէն  յետոյ Նշանեան որոշ ազատութիւն կը գտնէ, որովհետեւ անվտանգութեան  ուժերը կը փորձեն շատ չճնշել, մտածելով, որ իբր   մտաւորական մարդ  կրնայ փորձանք դառնալ:   Ան համոզուած է, որ եթէ չփախչէր,  իր   դէմ աւելցող դատական հայցերը երբեք պիտի չդադրէին:

Նշանեան լրատուածիջոցներուն պարզած է,  որ կրցած է փախչիլ կաշառքի միջոցով՝ օգտուելով պետական համակարգի առկայ թերութիւններէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment