Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԽԱՊԿ Զեկոյց․ Ընտրական Շրջափուլի Ընթացքին Լրագրողներու Դէմ Կիրառուած Բռնութիւններն ու Ճնշումները Աննախադէպ Էին

ԽԱՊԿ Զեկոյց․ Ընտրական Շրջափուլի Ընթացքին Լրագրողներու Դէմ Կիրառուած Բռնութիւններն ու Ճնշումները Աննախադէպ Էին

by MassisPost

«Նախագահ Սերժ Սարգսեանի խոստումը, թէ Հայաստանում լրագրողները նախորդ տարուայ Սարի թաղի դէպքերից յետոյ այլեւս բռնութեան չեն ենթարկուելու, չի պահպանուել», – այսօր լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի (ԽԱՊԿ) նախագահ Աշոտ Մելիքեան:

«Խորհրդարանական եւ Երեւանի աւագանու ընտրութիւններն ընդգրկող այս տարուայ առաջին կիսամեակի ընթացքում խօսքի ազատութեան վիճակը յետընթաց է ապրել», – ընդգծած է Մելիքեան, աւելցնելով. «Ֆիզիկական բռնութիւնների առումով արձանագրուել է աճ․ եթէ անցած տարուայ առաջին կիսամեակում երեք ֆիզիկական բռնութեան դէպք էր, 2017 թուականին ութն են դրանք, ճնշումների եւ տարատեսակ խոչընդոտումների թիւը երեսուն էր առաջին կիսամեակում 2016 թուականի եւ ութսունինն է 2017 թուականի առաջին կիսամեակում: Տեսնում ենք, որ աճը գրեթէ երեք անգամ է: Այս թուերը եւս մէկ անգամ ապացուցում են, որ մեզանում ընտրութիւնների ժամանակ աւելանում են ճնշումները եւ խոչընդոտումները լրագրողների, լրատուամիջոցների նկատմամբ»:

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի զեկոյցին համաձայն, այս տարուայ ընտրական շրջափուլի ընթացքին լրագրողներու դէմ կիրառուած բռնութիւններն ու ճնշումները աննախադէպ էին նոյնիսկ 2015 թուականի սահմանադրական հանրաքուէի, ինչպէս նաեւ 2013 թուականի նախագահական ընտրութիւններու համեմատութեամբ:

Իրաւապաշտպան Աշոտ Մելիքեանին կարծիքով, նախորդ ընտրութիւններուն լրագրողները կը թիրախաւորուէին խախտումները բացայայտելու համար:

ԽԱՊԿ-ի զեկոյցը ներկայացնող Աշոտ Մելիքեան անդրադարձած է նաեւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողմէ լրագրողներու նկատմամբ առկայ բացասական վերաբերմունքին, ընդգծելով, որ վերջերս Երեւանի կեդրոնը տուներէն զրկուած քաղաքացիներու հետ զրոյցի ժամանակ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր պահուածքով բացասական օրինակ ծառայեց:

Ըստ Մելիքյանի ներկայացրած զեկոյցի, երկու տարի առաջ «Էլեկտրիկ Երևան» ցոյցի ժամանակ լրագրողների դէմ իրականացուած բռնութիւնների գործով որևէ առաջընթաց չկայ: Իսկ Սարի թաղի դէպքով այս տարուայ առաջին կիսամեակում ընդամէնը մէկ մեղադրեալ է աւելացուել:

Իրաւապաշտպանին եզրայանգմամբ, նոյն իրաւապահներու անհամաչափ գործողութիւններով ստեղծուած անպատժելիութիւնն է լրագրողներուն դէմ ճնշումներու եւ բռնութեան աճին պատճառը:

Զեկոյցին համաձայն, այս տարուայ առաջին կէսն աննախադէպ եղած է լրագրողներու եւ լրատուամիջոցներու դէմ ներկայացուած դատական հայցերու ալիքով: Ամենաշատ՝ թիւով 34 հայց ԶԼՄ-ներուն դէմ եղած էր 2011-ին, սակայն այս տարուայ առաջին վեց ամիսներուն գրանցուած է 48 հայց: Անոնց մեծ մասը՝ 30-ը, դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններու հայցերն էին Դանիէլ Իոաննիսեանին դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment