«Մենք պէտք է շատ աւելի յստակ գործենք, որպէսզի Անգարա գտնուող պաշտօնատար անձերը հասկնան, որ իրենց վարած քաղաքականութիւնն անհետեւանք մնալ չի կրնար», – այսօր Պերլինի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Գաբրիէլ, աւելցնելով. «Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջապէս պէտք է հասկնան, որ իրենց քայլերը կրնան շատ լուրջ հետեւանքներ ունենալ»:
Պաշտօնական Պերլին Թուրքիոյ նկատմամբ վարուող քաղաքականութիւնը կարծրացնելու որոշում կայացուց այն բանէն ետք, երբ այս շաբթուան սկիզբը Պոլսոյ քրէական դատարանը երկարաձգեց «Amnesty International» կազմակերպութեան 5 Յուլիսին ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու կալանքի ժամկէտը: Կալանաւորներու թուին է նաեւ Գերմանիոյ քաղաքացի Փիթըր Շթոյտնըր: Վերջին երկու օրերուն Գերմանիոյ կառավարութիւնն աշխոյժ կերպով կը քննարկէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ ծագած հերթական ճգնաժամը:
Այս ճգնաժամին պատճառով Գերմանիոյ ԱԳ նախարարը ստիպուած էր ընդհատել արձակուրդն ու շտապ վերադառնալ Պերլին: Ան խորհուրդ տուաւ Գերմանիոյ քաղաքացիներուն, հնարաւորութեան պարագային զերծ մնալ Թուրքիա այցելելէ:
Անոր խօսքով, նման պայմաններու մէջ գրեթէ անխուսափելի է գերմանական ներդրումներու ծաւալի նուազումը Թուրքիոյ մէջ: «Ես պարզապէս չեմ պատկերացներ, թէ ինչպէս կրնայ Գերմանիոյ կառավարութիւնը, կամայական քաղաքական որոշումներու պայմաններու մէջ, յետագային եւս երաշխաւորել գերմանական ընկերութիւններու ներդրումներու առկայութիւնը Թուրքիոյ մէջ»,- ըսած է Գաբրիէլը: Նշենք, որ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը 2015 թուականին հասած էր 37 միլիառ եւրոյի: Թուրքիոյ տարածքին այսօր շուրջ 6000 գերմանական ընկերութիւններ կը գործեն:
Զիկմար Գաբրիէլի խօսքով, Պերլինն իր կոշտ մօտեցումը Թուրքիոյ հանդէպ պիտի փոխէ միայն այն ժամանակ, երբ պաշտօնական Անգարայի վարած քաղաքականութեան մէջ յստակ փոփոխութիւններ նկատէ: «Թուրքիայէն մեր ակնկալիքներն են` վերադարձ եւրոպական արժէքներուն, մամուլի, խօսքի, արուեստի ազատութեան հանդէպ յարգանքի ցուցաբերում: Մենք համոզուած ենք, որ Թուրքիոյ հետ լաւ եւ վստահելի յարաբերութիւններու պահպանումը մեր շահերէն կը բխի: Անոր հետ մէկտեղ, սակայն, մենք կը ցանկանանք, որ Թուրքիա Արեւմուտքի բաղկացուցիչ մասը դառնայ: Բայց ինչպէս կ’ըսեն. թանկօն միայնակ չեն պարեր»,- յայտարարած է Զիկմար Գաբիրէլ:
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, միեւնոյն ժամանակ, «ազնուօրէն խոստովանած է», որ Էրտողանի վարչակազմն Արեւմտեան գործընկերներու, մասնաւորապէս, Պերլինի հետ կառուցողական երկխօսութեան մէջ մտնելու ցանկութիւն, գոնէ այս պահուն, չի ցուցաբերեր: «Ցաւօք սրտի, ներկայիս թրքական կառավարութեան կողմէ ընդառաջելու պատրաստակամութեան որեւէ նշոյլ չեմ տեսներ: Այդ է պատճառը, որ Գերմանիա ստիպուած է Թուրքիոյ հարցին մէջ նոր քաղաքականութիւն որդեգրել»,- ըսած է Զիկմար Գաբրիէլ: