Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ռուսաստանցի Ծրագրաւորող Մարք Վարդանեան ԱՄՆ-ի Մէջ Դատապարտուեցաւ Հինգ Տարուայ Ազատազրկման

Ռուսաստանցի Ծրագրաւորող Մարք Վարդանեան ԱՄՆ-ի Մէջ Դատապարտուեցաւ Հինգ Տարուայ Ազատազրկման

by MassisPost

Ռուսաստանցի Մարք Վարդանեան ԱՄՆ-ի մէջ ազատազրկման դատապարտուած է համակարգչային վիրուսային ծրագիր մշակելու, կատարելագործելու համար, որուն օգնութեամբ ցանցահենները աշխարհի բազում երկիրներու համակարգիչներէ անձնական եւ ֆինանսական տեղեկութիւններ գողցած են: Ըստ հետաքննութեան, անոր կողմէ կատարելագործուած «Citadel» վիրուսային ծրագիրով 11 միլիոն համակարգիչ վարակուած է, պատճառուած վնասը գնահատուած է մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար:

19 Յուլիսին ԱՄՆ-ի մէջ Աթլանթայի դատարանը Վարդանեանը մեղաւոր ճանչցած է եւ դատապարտած հինգ տարուայ ազատազրկման: Երկու տարին ան արդէն բանտին մէջ անցկացուցած է՝ Նորուէկիոյ մէջ 2014 թուականին ձերբակալուելէն ի վեր: ԱՄՆ-ի յատուկ ծառայութիւնները հետեւած էին վիրուսային ծրագիրով կատարուող մեքենայութիւններուն եւ յայտնաբերած զինք: Ուաշինկթըն պահանջած էր Վարդանեանը յանձնել ԱՄՆ-ին: Նորուէկիոյ իշխանութիւնները դատական երկու ատեաններու լսումներէն ետք զինք արտայանցնած էին Միացեալ Նահանգներուն:

Վարդանեան ընդունած էր իր մեղքը, համագործակցած հետաքննութեան հետ, որպէսզի փոքր պատժաչափ ստանայ:

Մարք Վարդանեան «Citadel»ի գործով դատապարտուած երկրորդ անձն է՝ 2015-ին ռուսաստանցի Տմիթրի Պելոռոսով ազատազրկման դատապարտուած էր «Citadel» վիրուսային ծրագիրը համակարգիչներու վրայ տարածելուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment