Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մէկ Ամսուան Մէջ Սեւանի Մակարդակը 7 սմ. Իջած է

Մէկ Ամսուան Մէջ Սեւանի Մակարդակը 7 սմ. Իջած է

by MassisPost

Բնապահպանները կասկածի տակ կը դնեն կառավարութեան հաւաստիացումները, թէ 270 միլիոն խմ ջրառի պարագային կրնայ ապահովուիլ ջուրի մակարդակի դրական հաշուեկշիռ, յիշեցնելով, որ նախորդ երկու պարագաներուն՝ 2012 եւ 2014 թուականներուն կատարուած յաւելեալ ջրառի հետեւանքով ջուրի մակարդակի բացասական նիշեր արձանագրուած են:

Սեւանէն կատարուած ջրառի հետեւանքով լիճի մակարդակը մօտ մէկ ամսուան մէջ (20 Յունիսէն մինչեւ 17 Յուլիս) 7 սմ իջած է: Այս մասին «Ազատութեան» տեղեկացուցած է «Էկոլուր» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար բնապահպան Ինգա Զարաֆեան, ընդգծելով, որ պատճառը ջրառի «մեծ չափերն են»:

Սեւանէն ջուր դուրս բերելու տարեկան թուլատրելի քանակը 170 միլիոն խորանարդ մեթր է: Սակայն կառավարութեան առաջարկով խորհրդարանն այս ամսուայ սկիզբը համապատասխան օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելով թոյլ տուած է լիճէն լրացուցիչ 100 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր դուրս բերել, այս տարուայ ջրառի ընդհանուր ծաւալը հասցնելով 270 միլիոն խորանարդ մեթրի:

Ինգա Զարաֆեանին փոխանցմամբ, որպէսզի իրացնեն այդքան մեծ ծաւալի ջուրը, թոյլատրուած ջրառն այժմ մեծ թափով կ’իրականացուի, որուն հետեւանքով «արդէն ունինք Սեւանի մակարդակի՝ 7 սմ իջեցում»։ Բնապահպանը չբացառեց, որ սահմանուած չափով ջրառի իրականացման հետեւանքով ջուրի մակարդակն աւելի պիտի իջնէ:

«Էկոլուր» կազմակերպութեան կայքին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, այս տարի Սեւանայ լիճի մակարդակի ամենաբարձր նիշը կազմած է 1900 մ 91 սմ, ջրառի հետեւանքով 17 Յուլիսի դրութեամբ այն նուազած է 1900 մ 84 սմ-ի: Արդեօք այս վտանգաւոր ցուցանի՞շ է, «Ազատութեան» այս հարցին ի պատասխան՝ ՀՀ նախագահի կարգադրութեամբ ստեղծուած՝ Սեւանի հարցերով յանձնաժողովի անդամ, Կենդանաբանութեան եւ հիտրոէքոլոկիայի գիտական կեդրոնի Բարդուղ Գաբրիէլեան ըսած է, թէ կարեւոր է, որ Սեւանի ջուրի մակարդակին հետ կապուած դրական հաշուեկշիռ ունենանք տարեվերջին:

«Այլապէս մենք կը կանգնենք փաստի առաջ՝ կ’ունենանք ջրի վատացում, ինչը յետագայում կարող է նոյնիսկ բերել ճահճացման: Ինչ վերաբերում է այդ 7 սանթիմեթրին, հիմա թէժ ժամանակ է, հիմնական ջրառը, փաստօրէն, հիմա է կատարուում, ուղղակի պէտք է հետեւել, որ իրենք չգերազանցեն պլանաւորուածը, որ դա չբերի բացասական պալանսի»,- յայտնած է Բարդուղ Գաբրիէլեան:

Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներու ժամանակ խոստացած էր, որ լրացուցիչ ջրառի պատճառով պիտի չխախտուի Սեւանայ լիճի ջուրի մակարդակի՝ օրէնքով սահմանուած դրական հաշուեկշիռը: Թէեւ լրացուցիչ 100 միլիոն խմ ջրաքանակ դուրս բերելու պարագային լիճի մակարդակը կրնայ իջնել մինչեւ 8 սմ-ի չափ, բայց նոյնիսկ այդ պարագային, ըստ կառավարութեան, պիտի պահպանուի ջուրի մակարդակի՝ շուրջ 10 սմ-ով բարձր անհրաժեշտ բարձր նիշը:

Բնապահպանները կասկածի տակ կը դնեն կառավարութեան հաւաստիացումները, թէ 270 միլիոն խմ ջրառի պարագային կրնայ ապահովուիլ ջուրի մակարդակի դրական հաշուեկշիռ, յիշեցնելով, որ նախորդ երկու պարագաներուն՝ 2012 եւ 2014 թուականներուն կատարուած յաւելեալ ջրառի հետեւանքով ջուրի մակարդակի բացասական նիշեր արձանագրուած են:

Յիշեցնենք նաեւ, որ բնապահպանութեան դաշնակցական նախարար Արծուիկ Մինասեան նոյնպէս սկզբնապէս առարկութիւններ ներկայացուցած էր Սեւանէն յաւելեալ 100 միլիոն խորանարդ մեթր ջուր դուրս բերելու կառավարութեան նախագիծին հետ կապուած: Ընդ որում, խորհրդարանական յանձնաժողովին մէջ կառավարութեան առաջարկի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ անոր դէմ քուէարկած էր: Աւելի ուշ, սակայն, իշխանական դաշնութեան մաս կազմող ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ նախարարը յայտարարեց, որ փոխած են իրենց դիրքորոշումը:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին Արծուիկ Մինասեան վստահեցուցած է, որ իր նկատմամբ ճնշումներ չեն եղած: Անոր խօսքով, իրենք պարզապէս պնդած են, որ Սեւանէն լրացուցիչ ջուր դուրս բերելու մասին առանձին ժամանակաւոր օրէնք ընդունուի: Այդ պնդումը, Մինասեանի խօսքով, յետագային բաւարարուած է: Ինչ կը վերաբերի Սեւանի վրայ լրացուցիչ ջրառի ազդեցութեան, բնապահպանութեան նախարարը չի թաքցներ, որ այն կրնայ բացասական ըլլալ, սակայն ինք չէ ալ պնդած, թէ Սեւանէն ջուր պէտք չէ դուրս բերուի:

«Տուել ենք, որ հնարաւոր է բացասական ազդեցութիւն, որովհետեւ օրէնքը սահմանում է սահմանափակում՝ 170 միլիոն խորանարդ: Օրէնքի այս սահմանափակումից յետոյ ցանկացած բացառութիւն շեղում է հիմնական կանոնից: Իսկ հիմնական կանոնից շեղումը չի կարող բացասական չընկալուել: Չկայ որեւէ պնդում մեր կողմից, թէ մի բաց թողէք, որովհետեւ մենք կառավարութեան մասն ենք եւ շարժուում ենք օրէնքով: Օրէնքն ասում է՝ այո՛, հնարաւոր են դէպքեր, երբ բաց թողնելն անհրաժեշտ է»,- ըսած է Մինասեան:

Հարցին, թէ այդ պարագային ինչու՞ ձեր կուսակցական գործընկերները խորհրդարանական յանձնաժողովին մէջ դէմ քուէարկեցին կառավարութեան առաջարկին, նախարարը պատասխանած է․ «Ես կարծում եմ, որ պառլամենտում տեղի է ունեցել թիւրիմացութիւն, որը շտկուել է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment