Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր «Սքանատալ» կը Հասուննայ

Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններուն Մէջ Նոր «Սքանատալ» կը Հասուննայ

by MassisPost

Թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ նոր  «սքանտալ»  կը հասուննայ. օրերս պարզ դարձաւ, որ Թուրքիա արգելափակած է նաեւ գերմանացի պատգամաւորներու մուտքը Անգարայէն մօտ 250 քմ հարաւ գտնուող Քոնիայի ռազմակայան, ուր տեղակայուած քանի մը տասնեակ գերմանացի զինուորները ՆԱԹՕ-ի համատեղ զօրախումբին մէջ կը պայքարին «Իսլամական Պետութեան» դէմ:

Պունտեսթակի պաշտպանական հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահ Ուոլֆկանկ Հելմիխ տեղեկացուցած է, որ պաշտօնական Անգարա խնդրած է յետաձգել գերմանացի 7 օրէնսդիրներու նախօրօք ծրագրուած այցը՝ որպէս պատճառ նշելով երկկողմ յարաբերութիւններու ոչ այնքան բարենպաստ վիճակը: «Այս պայմաններուն մէջ ես մեր զինուորներուն Թուրքիոյ մէջ մնալու մանդատի երկարաձգումն անհնար կը համարեմ», – ըսած է Պունտեսթակի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը:

Աւելի վաղ Անգարա արգիլած էր Պունտեսթակի ներկայացուցիչներու մուտքը Ինճիրլիք. ամիսներ շարունակուած բանակցութիւններէն ետք, Պերլին, ի վերջոյ, որոշած էր դուրս բերել իր զօրախումբն այդ ռազմակայանէն: Այժմ գերմանացի պատգամաւորները կոչ կ’ուղղեն նոյն որոշումը կայացնել նաեւ Քոնիայի պարագային:

Անկելա Մերքէլ, չբացառելով այդ դիպաշարը, նախօրէին գերմանական հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին յորդորած է չշտապել: «Այդ ողջ պատմութիւնը, անկասկած, շատ ցաւալի է, սակայն եզրայանգումներ կատարելէ եւ վերջնական որոշումներ կայացնելէ առաջ մենք պէտք է փորձենք բանակցիլ եւ հարցը լուծել ՆԱԹՕ-ի օգնութեամբ: Մէկ բան յստակ է՝ գերմանացի զինուորները կ’ենթարկուին Պունտեսթակին, եւ մեր պատգամաւորները պէտք է անոնց հետ անարգել տեսակցելու իրաւունք ունենան», – նշած է Մերքէլ:

Գերմանական լրատուամիջոցները հաստատած են, որ երկկողմ յարաբերութիւնները սկսան լարուիլ անցեալ տարուընէ, երբ Պունտեսթակ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Իրավիճակն ա՛լ աւելի սրուեցաւ անցեալ Ապրիլին, երբ պաշտօնական Պերլինն արգիլեց թուրք պաշտօնեաներուն իր երկրի տարածքին քարոզչական հանդիպումներ իրականացնել՝ նախագահ Էրտողանի նախաձեռնած սահմանադրական հանրաքուէի օգտին: Թուրքիոյ նախագահն ի պատասխան զանոնք ֆաշիստ ու նացիստ որակեց, սակայն անով ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու դաշնակիցներու վէճը չաւարտեցաւ. Անգարա ա՛լ աւելի բորբոքեցաւ, երբ պարզ դարձաւ, որ Գերմանիոյ իշխանութիւնները քաղաքական ապաստան տուած են Էրտողանի տասնեակ ընդդիմախօսներու, որոնք հայրենիքին մէջ մեղադրուած են անցեալ տարուայ յեղափոխութեան փորձը կազմակերպելու մէջ:

Անկելա Մերքէլի հետ զրոյցի ընթացքին գերմանացի լրագրողները հետաքրքրուած են, թէ արդեօք Անգարա կ’արգելափակէ Պունտեսթակի պատգամաւորներու մուտքը, որպէսզի Պերլինը արտայանձնէ՞ Էրտողանի ընդդիմախօսները: «Այս երկու հարցերը իրար հետ որեւէ կապ չունին», – արձագանգած է Գերմանիոյ վարչապետը, միաժամանակ ընդգծելով․ – «Եթէ այդ է թուրքերու պահանջը, մենք, անկասկած, այն պիտի մերժենք, այդ հարցով բանակցութիւններ ընդհանրապէս չեն կրնար տեղի ունենալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment