Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետտումայի Խօսնակը Հայաստանին Առաջարկած է Ռուսերէնը Պաշտօնական Լեզու Դարձնել

Պետտումայի Խօսնակը Հայաստանին Առաջարկած է Ռուսերէնը Պաշտօնական Լեզու Դարձնել

by MassisPost

ՌԴ պետտումայի խօսնակ Վյաչեսլաւ Վոլոտին առաջարկած է Հայաստանի իշխանութիւններուն երկրին մէջ օրէնսդրօրէն պաշտօնական կարգավիճակ տրամադրել ռուսերէն լեզուին, որպէսզի Ռուսիոյ տարածքին հնարաւոր ըլլայ ճանչնալ հայկական վարորդական իրաւունքները, կը յայտնէ «ԹԱՍՍ» լրատուական գործակալութիւնը:

«Ես կրնամ միայն մէկ բան ըսել, ամրագրեցէ’ք այն (ռուսերէնը) որպէս պաշտօնական լեզու, եւ այդ ժամանակ օրէնքն ինքնաբերաբար կ’ընդգրկէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,- ըսած է Վոլոտին Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանին հետ հանդիպման ժամանակ, որուն ընթացքին բարձրացուած է Ռուսիոյ մէջ ազգային վարորդական իրաւունքներով աշխատելու արգելքի մասին հարցը:

Ռուսիոյ տարածքին ազգային վարորդական իրաւունքներու ճանաչման հարցը բարձրացուցած է Բաբլոյեան, նշելով, որ Հայաստան փաստացիօրէն դուրս մնացած է Պետտումայի կողմէ օրէնքի ընդունումէն ետք, որուն համաձայն Խըրխըզիստանի, ինչպէս նաեւ շարք մը երկիրներու քաղաքացիներուն, ուր ռուսերէնն ամրագրուած է որպէս պաշտօնական լեզու, տրամադրուած է Ռուսիոյ մէջ ազգային իրաւունքներով վարորդ աշխատելու իրաւունք:

«Երբ մենք քննարկած ենք այդ հարցը, մենք ընդգծած ենք, որ այդ նորմը կը գործէ միայն այն երկիրներուն նկատմամբ, ուր այդ (ռուսերէնի պաշտօնական կարգավիճակը) ամրագրուած է սահմանադրութեան մէջ, ամրագրուած է օրէնսդրութեան մէջ»,- նշած է Վոլոտին:

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ ԱՊՀ երեք երկրի քաղաքացիներուն թոյլ տրուած է Ռուսիոյ մէջ աշխատիլ ազգային վարորդական իրաւունքներով: ՌԴ պետտումայի կողմէ ընդունուած համապատասխան փոփոխութիւններուն համաձայն, փոխադրումներու ոլորտին մէջ աշխատող օտարերկրացիներու կողմէ ռուսական վարորդական իրաւունքներ ստանալու պահանջը պիտի չտարածուի Խըրխըզիստանի, ինչպէս նաեւ Պելառուսիոյ եւ Ղազախիստանի վրայ, ուր ռուսերէնը պաշտօնական լեզու է:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր նաեւ, որ 1 Յունիսէն Ռուսիոյ մէջ օտարերկրեայ, այդ թուին` ՀՀ վարորդական իրաւունք ունեցողները երթեւեկութեան կանոններու փոփոխութեան հետեւանքով չեն կրնար զբաղիլ այնպիսի ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ, որ ուղղակիօրէն կապուած է երթեւեկութեան միջոց վարելու հետ: Անոնք ստիպուած են Ռուսիոյ տարածքին վարորդ աշխատելու համար որակաւորում ստանալ՝ քննութիւն յանձնելով:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment