Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դպրոցներու ՀՀԿ-եական Տնօրէնները Հրաժարած են Դանիէլ Իոաննիսեանին Դէմ Հայցերէն

Դպրոցներու ՀՀԿ-եական Տնօրէնները Հրաժարած են Դանիէլ Իոաննիսեանին Դէմ Հայցերէն

by MassisPost

Աջափնեակ եւ Դաւթաշէն վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, այսօր՝ 17 Յուլիսին, մեկնարկած է «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորման» եւ միաւորման ղեկավար Դանիէլ Իոաննիսեանին դէմ ներկայացուած 30 տնօրէններու հայցի քննութիւնը:

Երեւանի թիւ 64 դպրոցի տնօրէն Երանուհի Յարութիւնեան չէր ներկայացած. Դատարանին մէջ դատաւոր Անի Մխիթարեան յայտարարած է, որ հայցուոր Երանուհի Յարութիւնեան հրաժարած է ներկայացուած դիմումէն։

Իսկ օրեր առաջ Երեւանի թիւ 56 դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Գալստեան մամուլին մէջ յայտարարած էր, որ որոշած է ետ վերցնել դիմումը:

Դատաւորն այսօր յայտարարեց, որ իր վարոյթին մէջ գտնուող միւս տնօրէն հայցուորները նոյնպէս հրաժարած են դիմումներէն։ Ըստ փաստաբաններուն, Անի Մխիթարեանին մօտ նոյնաբովանդակ եւս չորս գործ կը քննուի։

Ինք՝ Դանիէլ Իոաննիսեան Ֆէսյպուքի իր էջին գրած է, որ այսօրուայ նիստի տնօրէնները հերթով հայցերէն կը հրաժարին։

Յիշեցնենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» կազմակերպութիւնը յայտարարած էր, որ հարիւրէ աւելի դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններ խոստովանած են, որ ՀՀԿ-ի համար ընտրողներու ցուցակներ կազմած են՝ զանոնք յանձնելով մարզպետարան, թաղապետարան կամ ընտրական շտաբ: Կազմակերպութիւնը ներկայացուցած էր նաեւ տնօրէններուն հետ զրոյցներու ձայնագրութիւնները։

30 դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու տնօրէններ քաղաքացիական հայցադիմումներ ներկայացուցած են դատարան՝ ընդդէմ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորման» եւ անոր համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանին:

Այդ տնօրէնները կը համարեն, որ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»ն ու Դանիէլ Իոաննիսեան զրպարտած են զիրենք «SUT.am» կայքին մէջ հրապարակուած «ՀՀԿ-ն չարաշահում է վարչական ռեսուրսը դպրոցներում ու մանկապարտէզներում (114 ձայնագրութիւններ)» աղմկայարոյց նիւթով:

Բոլոր հայցուորները կը պահանջեն հերքել հրապարակուած տեղեկութիւնները եւ վճարել 2 միլիոն դրամի չափով բարոյական վնասի փոխհատուցում: Գումարային առումով, 30 տնօրէնները «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»էն ու Դանիէլ Իոաննիսեանէն կը պահանջեն (ներառեալ դատական ծախսերը) մօտ 65 միլիոն դրամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment