Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պէյրութ. «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Փառատօնը Նուիրուած ՍԴՀԿ-ի 130 Ամեակին

Պէյրութ. «Տխրունի» Ուսանողական Միութեան Ազգային-Յեղափոխական Երգերու Փառատօնը Նուիրուած ՍԴՀԿ-ի 130 Ամեակին

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Սոցիալ Դոմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան, Ուրբաթ 14 Յուլիսի երեկոյեան Պէյրութի Նոր Հաճնոյ մայր պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու ժողովրդային փառատօն, նուիրուած Հնչակեան կուսակցութեան հիմնադրութեան 130-ամեակին, եւ ՏՈԵՄ-ի հիմնադրութեան 65-ամեակին:

Վարչութեան բացման խօսքը հայերէն լեզուով արտասանեց  Տիգրան Միհրանեան: Ան նշեց, որ բառն ու երաժշտութիւնը մեզի հասած են հայ ժողովուրդի ապրած աշխարհագրական շրջանի ամբողջ տարածքէն, ուր մեր ժողովուրդը ապրած, արարած ու զարգացուցած է իր կեանքը: «Իւրաքանչիւր երգ ու տաղ իր մէջ ամփոփած է հարուստ մշակութային ժառանգութիւն մը, պատմական դէպք մը, հերոսական դրուագ մը կամ հերոսի փառաբանութիւնը, որ իր կեանքը նուիրած է ազգին ու հայրենիքին», ըսաւ Միհրանեան աւելցնելով, որ ազգային-յեղափոխական երգերը պարզապէս բանաստեղծութիւններ չեն, այլ յիշողութիւնը վառ պահող, սերունդներ դաստիարակող արտայայտութիւններ են:Երգի այս փառատօնին մենք եկած ենք համայն հայութեան հաստատելու մեր հաւատարմութիւնը եւ յանձնառութիւնը: հանդէպ մեր ազգային արդար դատին եւ Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարներուն»,  հաստատեց  Միհրանեան: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց  Գօգօ Մխճեան:

Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան օրուան երգիչները` Գէորգ Գատեհճեան, Կարօ Կապուտակեան, Յովիկ Թաֆրանեան եւ Պերճ Նագգաշեան: Անոնք մեծաթիւ լիբանանահայերուն ներկայացուցին ազգային-յեղափոխական լաւագոյն երգերու փունջ մը, սկսեալ «Ագուլիսցի Քաջ Պատանի»էն  մինչե  «Դրօշը Հնչակեան»,  «Ձայն Տուր Ով Ֆետա»էն մինչեւ «Ողջոյն Քեզ Հնչակ», բուռն խանդավառութիւն ստեղծելով մասնաւորաբար պատանիներուն եւ երիտասարդներուն մօտ, որոնք երգիչներուն ընկերակցելով երգեցին գրեթէ բոլոր երգերը: Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ կարճ խօսքեր արտասանեցին Սելլա Աւագեան, Մարի Անն Յովհաննէսեան եւ Յակոբ Մելքոնեան: Աւարտին, օրուան չորս երգիչները, նաեւ հանդիսատեսները միասնաբար կատարեցին «Ուխտի Հրաւէր» երգը:

Dkhrouni-3

dkhrouni-5

dkhrouni-4

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

dkhrouni-2

dkhrouni-6

dkhrouni-7

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment