Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Ժողովը Հաստատեց 2016-ի Պետական Պիւտճէի Կատարողականը

Ազգային Ժողովը Հաստատեց 2016-ի Պետական Պիւտճէի Կատարողականը

by MassisPost

Ազգային ժողովը երէկ  53 կողմ, 22 դէմ, 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ հաստատեց Հայաստանի 2016 թուականի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութիւնը:

Նախքան քուէարկութիւնը «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ դաշինքը դէմ է. – «Ելք»-ը դէմ է պիւտճէի կատարման հաշուետուութեանը, եւ կարծում եմ՝ ճիշդ կի լինէր, որ ընդդիմութիւնը չքուէարկեր, քանի որ խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչներու ձայները բաւարար չեն, որպէսզի կատարողականը հաստատուի։ Մենք դէմ ենք, եւ որպէսզի կատարողականը չհաստատուի, մենք առաջարկում ենք չմասնակցել քուէարկութեանը, որպէսզի այս որոշումը չանցնի։ Այսինքն՝ դէմ ենք ոչ միայն քուէարկութեամբ, այլեւ ըստ օրէնքի հաստատուի»:

«Ծառուկեան» խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեանն ալ նշած է, որ իրենց դիրքորոշումը եւս դէմ է, բայց չքուէարկելու համար որեւէ հիմքեր չեն տեսներ։

Քուէարկութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է. – «Ես ուզում եմ արձանագրել, որ մեր հաշուարկը ճիշդ էր՝ եթէ ընդդիմութիւնը չքուէարկէր, կատարողականը չէր անցնում, որովհետեւ 52 կողմը բաւարար չէր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment