Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԴ ԱԳՆ-ն Պաքուի Պատասխանը կը Համարէ Ազգային Պատկանելութեան Խտրականութիւն

ՌԴ ԱԳՆ-ն Պաքուի Պատասխանը կը Համարէ Ազգային Պատկանելութեան Խտրականութիւն

by MassisPost

Երէկ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսաստանի հայազգի քաղաքացիներու հանդէպ խտրական վերաբերմունքի խնդիրին, վերահաստատելով Ռուսաստանի վճռականութիւնը՝ իր քաղաքացիներու խախտուած իրաւունքներու վերականգնման հարցին:

Նախօրէին ռուսաստանեան ТАСС գործակալութիւնը, յղում ընելով երկրի արտաքին գերատեսչութեան հաղորդման, տեղեկացուցած է, որ Մոսկուան մտահոգուած է Ատրպէյճան ժամանող Ռուսաստանի քաղաքացիներու հանդէպ ազգային պատկանելութեամբ պայմանաւորուած խտրական վերաբերմունքով, ինչին Պաքուէն արձագանգած էին, թէ «Ատրպէյճանը հարկադրուած է շարք մը մարդոց հանդէպ կիրառած է համապատասխան կարգաւորումներ»:

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորապէս, նշուած է․ «Ռուսաստանի քաղաքացիներու Ատրպէյճան մուտքի թոյլտուութեան արգելման մասին լրատուամիջոցներու բարձրացուցած բազմաթիւ հարցադրումներու առնչութեամբ՝ հարկադրուած ենք փաստել, որ այդ երկիր ժամանող ՌԴ քաղաքացիները իսկապէս կ’ենթարկուին ազգային պատկանելութեամբ պայմանաւորուած խտրականութեան»:

Հաղորդագրութեան մէջ կը բերուին նման վերաբերմունքի օրինակներ, ընդհուպ այն դէպքերու յիշատակումը, երբ Ատրպէյճանի մէջ հարցաքննուած են նաեւ ռուսական ազգանուամբ մարդիկ, որոնք կասկածուած են «հայկական արմատներ ունենալու մէջ»:

«Այս ամէնը վայրենութիւն կը յիշեցնէ, չխօսելով արդէն այն մասին, որ ուղղակիօրէն կը խախտուին Ռուսաստանի քաղաքացիներու իրաւունքները, ինչը կը հակասէ Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ 1997 թուականի 3 Յուլիսին կնքուած բարեկամութեան, համագործակցութեան եւ փոխադարձ անվտանգութեան մասին պայմանագիրին»,- յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու աւելցուցած, որ ռուսական կողմը բազմիցս նման փաստերու առնչութեամբ բողոքի գիր յղած է Պաքուին:

ՌԴ արտաքին գերատեսչութիւնը նաեւ ընդգծած է՝ յղուած բողոքներու մէջ «ելակէտ ունեցած ենք նաեւ այն, որ Ատրպէյճանը իրեն կը ներկայացնէ իբրեւ ազգային եւ կրօնական հանդուրժողականութեան օրինակ, վերջին ժամանակներուն ալ  յայտարարած է հայ-ատրպէյճանական հասարակական երկխօսութիւնը կարգաւորելու մտադրութեան մասին»:

«Սակայն մեր սպասելիքները չեն արդարացած, նշուած միջադէպերու քննութիւն չէ իրականացուած, իսկ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի պատասխան գիրի մէջ նշուած է, թէ Ատրպէյճանը հարկադրուած է շարք մը մարդոց հանդէպ կիրառել համապատասխան կարգաւորումներ:

Այդ պատասխանը կը համարենք անհասկնալի եւ ոչ բաւարար: Այն ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճան մեկնող Ռուսաստանի քաղաքացիները նախկինի պէս ենթակայ են կամայականութիւններու զոհ դառնալուն: Կը շարունակենք պահանջել՝ դադրեցնել այդ զայրացուցիչ ու խտրական գործելակերպը եւ, բնականաբար, պիտի ընենք համապատասխան հետեւութիւններ»,- յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment