Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոխորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Դադրեցնել Անգարայի Հետ ԵՄ Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

Եւրոխորհրդարանը Կոչ Կ’ընէ Անյապաղ Դադրեցնել Անգարայի Հետ ԵՄ Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարան յայտարարած է այն մասին, որ չի ճանչնար Եւրոխորհրդարանի կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որով Եւրոմիութեան եւ Եւրոյանձնաժողովին կոչ կ’ըլլայ դադրեցնել ԵՄ անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները: Խնդրի առնչութեամբ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Թուրքիոյ ԱԳՆ խօսնակ Հուսէյն Միւֆթուօղլուն:

«Բացայայտ է, որ բանաձեւը, որ կողմնապահ է, հեռու առարկայականութենէ ու կը ծառայէ յայտնի շրջանակներուն, դրական ազդեցութիւն չունենայ մեր յարաբերութիւններուն վրայ»,- նշած է ԱԳՆ խօսնակը:

Ան մեղադրած է ԵԽ-ին անհիմն պնդումներու եւ  զրպարտանքներու վրայ հիմնուած որոշում ընդունելու մէջ՝ յայտարարելով, որ Թուրքիան այդ բանաձեւը չընդունիր:

Եւրոխորհրդարանը 6 Յուլիսին Սթրասպուրկի մէջ կայացած լիագումար նստաշրջանի ընթացքին ընդունած է բանաձեւ Թուրքիոյ վերաբերեալ, որ Եւրոմիութեան երկիրներուն եւ Եւրոյանձնաժողովին կոչ կ’ընէ անյապաղ դադրեցնել Անգարայի հետ բանակցութիւնները ԵՄ-ին երկրի միանալու շուրջ, եթէ վերջինիս իշխանութիւնները պատշաճ փոփոխութիւններ չմտցնեն սահմանադրական բարեփոխման մէջ: Բանաձեւի օգտին, որ յանձնարարական բնոյթ կը կրէ, քուէարկած Է 477 պատգամաւոր, դէմ՝ 64-ը:

«Եւրոխորհրդարանը յանձնաժողովին եւ անդամ պետութիւններուն կոչ կ’ընէ բանակցութիւններու ծիրէն ներս համապատասխան առանց յապաղելու դադրեցնել Թուրքիոյ անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները, եթէ սահմանադրական բարեփոխման փաթեթը իրագործուի առանց փոփոխութիւններու, կ’ընդգծէ, որ, նկատի առնելով Վենետիկի սահմանադրական բարեփոխման յանձնաժողովի դիտողութիւնները, որ Սահմանադրութեան՝ առաջադրուած ուղղումները չեն համապատասխաներ իշխանութիւններու բաժանման հիմնարար սկզբունքներուն, չեն ապահովեր բաւականաչափ կասեցումներ եւ հակակշիռներ, ինչպէս նաեւ չեն համապատասխաներ Քոփընհակընեան չափանիշներուն»,- ըսուած է բանաձեւին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment