Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Պաքուէն կը Պահանջէ Դադրեցնել ՌԴ Հայազգի Քաղաքացիներու Հանդէպ Խտրական Վերաբերմունքը

Մոսկուան Պաքուէն կը Պահանջէ Դադրեցնել ՌԴ Հայազգի Քաղաքացիներու Հանդէպ Խտրական Վերաբերմունքը

by MassisPost

Ռուսիա կը պահանջէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն դադրեցնել խտրական վերաբերմունքը այդ երկիր ժամանող այն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք ունին հայկական ազգանուն, կը փոխանցէ ԹԱՍՍ-ը:

«Ստիպուած ենք հաստատելու, որ Ատրպէյճան ժամանող Ռուսիոյ քաղաքացիները, իսկապէս, խտրականութեան կ՛ենթարկուին էթնիկ հիմքի վրայ», – յայտարարած են Ռուսիոյ արտագին գործոց նախարարութենէն` կապուած շարք մը դէպքերու հետ:

«Կը շարունակենք պահանջել դադրեցնել այդ զայրացնող խտրական գործելաոճը, որ չի համապատասխաներ երկու երկրի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն: Բնականաբար, եզրակացութիւններ պիտի ընենք ստեղծուած իրադրութենէն», -նշած են  ռուսական դիւանագիտական գերատեսչութիւնէն:

Ինչպէս յայտնած են  Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութենէն, այս  տարուան սկիզբէն  Ռուսաստանի 25 քաղաքացիի արգիլած են մուտք գործել Ատրպէյճան: Զանոնք քանի մը ժամով սպասել տուած են, որոշ պարագաներու նոյնիսկ առանց ուտելիքի, ջուրի եւ բժշկական օգնութեան, այնուհետեւ իրենց իսկ հաշուին ետ ուղարկած են: Որպէս պատճառաբանութիւն նշուած է անոնց հայկական ազգանունները, սակայն եղած են նաեւ դէպքեր, երբ «ռուսական ազգանուններով, անուններով ու հայրանուններով անձեր հարցաքննած են հայկական նախնիներ ունենալու փաստը բացայայտելու նպատակով»:

Ռուսիոյ ԱԳՆ-էն յայտնած են, որ իրենք բազմաթիւն անգամներ, որոնց շարքին նաեւ պաշտօնական դիտողագիրներով պահանջած են դադրեցնել նման գործելաոճը, սակայն այդպէս ալ չեն ստացած բաւարարող պատասխան: «Ատրպէյճանի ԱԳՆ պատասխան դիտողագիրին մէջ կ՛ըսուի, որ «անցանկալի իրադարձութիւնները կանխելու նպատակով Ատրպէյճան ստիպուած է կիրառելու համապատասխան կարգաւորումներ շարք մը անձերու նկատմամբ», – նշած են  նախարարութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment