Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եւրոմիութիւնը Երեւանէն Յստակ Քայլեր Կ’ակնկալէ, Այլ Ոչ Թէ Խոստումներ ․ Լեհաստանի Դեսպան

Եւրոմիութիւնը Երեւանէն Յստակ Քայլեր Կ’ակնկալէ, Այլ Ոչ Թէ Խոստումներ ․ Լեհաստանի Դեսպան

by MassisPost

Եւրամիութիւնը Հայաստանէն կը սպասէ յստակ քայլեր, ոչ թէ խոստումներ: Այսօր «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան, այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Մարէկ Նովակովսքին:

Լեհաստանը կը համարուի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը առաջ մղող առանցքային երկիրներէն մէկը, երէկ դեսպանին «Ազատութիւն»ը հարց ուղղած է՝ հաւանական կը համարէ՞ք, որ Պրիւքսէլի ու Երեւանի միջեւ բանակցուած նոր շրջանակային համաձայնագիրը չստորագրուի, ինչպէս եղաւ 2013 թուականին:

«Մենք պատրաստ ենք, մեր դուռը բաց է Հայաստանի առջեւ: Նախագահներ Թուսքի եւ Սարգսեանի համատեղ յայտարարութեան համաձայն, փաստաթուղթերը պատրաստ են, մենք կը սպասենք համաձայնագիրի ստորագրման եւ, ինչպէս ընդգծած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Սվիթալսքին, բոլորս կը սպասենք հայաստանեան գործընկերներու յստակ քայլերուն, ոչ թէ խոստումներուն»,- պատասխանած է Մարէկ Նովակովսքին, կատակով աւելցնելով․ «Տեսէք, կը խաչեմ մատներս եւ կ’ըսեմ՝ ոչ, նման վտանգ չկայ, բայց մատներս կը խաչեմ»:

Այն մասին, որ Եւրոմիութեան հետ բանակցուած եւ այս մարտին Երեւանի մէջ նախաստորագրուած Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը կրնայ աշնան չստորագրուիլ, անցած շաբաթ հրապարակաւ մտահոգութիւն յայտնած էին խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:

Փոխ արտաքին գործոց նախարար Շաւարշ Քոչարեան Ազգային ժողովին այդպէս ալ յստակ չէր պատասխանած հարցին՝ հնարաւո՞ր է արդեօք, որ արտաքին միջամտութիւններու պատճառով Եւրոմիութիւն-Հայաստան շրջանակային համաձայնագիրը վերստին չստորագրուի: Միայն ըսած է՝ կապրինք, կը տեսնենք, ապա աւելցուցած․ «Այո, նախատեսւում է, որ պէտք է աշնանը ստորագրել, արդիւնքների մասին կը խօսենք միւս տարի»:

3 սեպտեմբեր 2013-ին Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Փութինի հետ բանակցութիւններէն ետք նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի քաղաքացիներու համար անակնկալ կերպով յայտարարեց՝ Երեւանը կը միանայ Քրեմլինի նախաձեռնած Եւրասիական տնտեսական միութեան: Այդ կը նշանակէր, որ Հայաստանը պիտի չստորագրէ Եւրոմիութեան հետ մօտ չորս տարի բանակցուած Ազատ առեւտուրի գօտիի մասին պայմանագիրը, որ, փաստօրէն, ԵՄ միաւորման համաձայնագիրի մէկ մասն էր:

«Ազատութեան» հարցին՝ եթէ համաձայնագիրը այս անգամ ալ չստորագրուի, այդ ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենայ Եւրոմիութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններուն վրայ՝ դեսպան Մարէկ Նովակովսքին արձագանգած է․ «Իհարկէ, մենք կը պահպանենք երկխօսութիւնը Հայաստանի հետ, սակայն երկխօսութեան տարբեր տեսակներ կան՝ բարեկամական, սովորական երկխօսութիւն եւ վերջինը՝ զէնքերու երկխօսութիւնն է: Յոյս ունինք, որ մեր յարաբերութիւնները կը ջերմանան որքան հնարաւոր է շուտ: Ապագան կախուած է երկու կողմերէն, նաեւ այն հարցէն, թէ մեր համաձայնութիւնները  ինչպէս կեանքի կը կոչուին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment