Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանը 350 Դիւանագիտական Թռիչք Իրականացուցած է՝ Ահաբեկիչները Զինելու Համար

Ատրպէյճանը 350 Դիւանագիտական Թռիչք Իրականացուցած է՝ Ահաբեկիչները Զինելու Համար

by MassisPost

Պուլկարիոյ ամենամեծ տպաքանակով օրաթերթը համարուող «Տրուտ» պարբերականի կայքին մէջ 2 յուլիսին հրապարակուած է գայթակղեցուցիչ հետաքննութիւն մը, որ խօսուն փաստերու եւ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հիման վրայ կը բացայայտէ ատրպէյճանական պետական օղակներու ուղղակի ներգրաւուածութիւնը աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ գործող իսլամական ահաբեկչական խումբերու զինման գործին մէջ։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, թերթի յօդուածագիր Տիլեանա Կայտանճիեւայի հետաքննական նիւթին մէջ անդրադարձ կատարուած է հիմնական Ատրպէյճանի Silk Way Airlines պետական ընկերութեան կողմէ դիւանագիտական բեռերու անուան տակ քողարկմամբ Սուրիա, Իրաք, Աֆղանստան, Փաքիստան եւ Քոնկօ զէնքի անօրինական եւ լայնամաշտապ արտահանմանն ու վաճառքին։

Յօդուածը հրապարակուած է, երբ պուլկարացի ցանցահէններու Anonymus Bulgaria խումբը կոտրած է Սոֆիայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան ցանցն ու փաստաթուղթերը դարձուցած է հասանելի։ Յօդուածագիրը նշած է, որ վերջին երեք տարիներու ընթացքին ատրպէյճանական ընկերութիւնը քօղարկուած է դիւանագիտական ծխածածկոյթով՝ աշխարհի տարբեր թէժ կէտեր տասնեակ թոներով զէնք եւ զինամթերք ուղարկելու համար։ Այդ զինատեսակներու մեծ մասը օգտագործուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ։

Յօդուածագիրը նշած է նաեւ, որ Ատրպէյճանի տեղափոխած զէնքի մէկ մասը կրնայ օգտագործուած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Խօսուն փաստերով ապացուցուած է, որ 2016-ին․Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը այն մասին, իբր հայկական կողմը սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործած է, ոչ այլ ինչ է, քան կեղծիք։ Ատրպէյճանէն զինուորականներու՝ իբր գտած նռնակը ամենայն հաւանականութեամբ, եղած է անօրինականօրէն տեղափոխուող զէնքերու խմբաքանակէն։ Օգտագործելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հասցէն՝ պետական ընկերութիւնը իրականացուցած է անօրինական գործունէութիւն, ինչը անհնար էր առանց Պաքուի բարձրագոյն իշխանութեան թոյլտուութեան ու գիտութեան։ Արտահոսքի արդիւնքով հասանելի դարձած փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Ատրպէյճանը նմանօրինակ գործելաոճ որդեգրած է ոչ միայն Պուլկարիոյ, այլեւ  շարք մը երկիրներու պարագային, որոնց մօտ գործող դեսպանատուները Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն համապատասխան կարգադրութիւններ ստացած են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment