Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռիչըրտ Կիրակոսեան – Միջնորդները Ատրպէյճանի Վրայ Ազդելու Լծակ Չունին

Ռիչըրտ Կիրակոսեան – Միջնորդները Ատրպէյճանի Վրայ Ազդելու Լծակ Չունին

by MassisPost

«ՆԱԹՕ-ն Վարշաւայէն Պրիւքսէլ՝ մարդկային անվտանգութեան եւ անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումները Հայաստանի մէջ» թեմայով Համաշխարհայնացման եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կենդրոնի երէկուայ հրաւիրած սեմինարի ժամանակ «Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոն»ի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ կ’աւելնան սպառնալիքները, եւ որ Հայաստանի անվտանգութիւնը կը ստիպէ համագործակցիլ ՆԱԹՕ-ի հետ։ Ռիչըրտ Կիրակոսեան ըսած է, որ ՀՀ-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր է, թէ ինչպէս Հայաստանը բարեփոխումներ կ’իրականացնէ։ Քաղաքագէտը յայտնած է նաեւ, որ, ի տարբերութիւն իր հարեւաններուն, Հայաստանը  աւելի կանխատեսելի զինուժ կ’առաջարկէ։ Նշելով, որ ՆԱԹՕ-ն շատ կարեւոր է Հայաստանի համար, Ռիչըրտ Կիրակոսեան ըսած է․ «Մենք սպառազինութիւնը կը ստանանք ՌԴ-էն, իսկ արժէքները՝ Արեւմուտքէն»։

Ռիչըրտ Կիրակոսեանին հարց տրուած է, թէ ինչ քայլեր պէտք է ընէ Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիններուն մէջ, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ ռազմական գործողութիւնները։ «Մենք ոչինչ ալ պէտք չէ ընենք։ Այն, ինչ կատարուեցաւ երէկ գիշեր, հայ-ատրպէյճանական սահմանին, անցեալ տարուայ ապրիլեան պատերազմէն ետք ամենալուրջ հարուածներէն էր։ Եւ այս ծիրէն ներս մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանը ոչ մէկ գործընկեր չունի խաղաղութեան հասնելու հարցին մէջ։ Այլ բառերով ըսած՝ Հայաստանը հակուած է խաղաղութեան գործընթացի, իսկ Ատրպէյճանը՝ ոչ»,- ըսած է քաղաքագէտը։

Դիտարկման, որ միջազգային կազմակերպութիւնները միշտ հաւասարութեան նշան կը դնեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, քաղաքագէտը արձագանգեց․ «Համաձայն չեմ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կ’ընէ այն, ինչ կրնայ։ Այն աւելի շատ բախուող կողմերու պարտականութիւնն է։ Բայց ճիշդ էք, որ երկար ժամանակ է կայ այն ընկալումը, որ Ատրպէյճանին չեն ստիպեր ընել այն, ինչ ան պարտաւոր է ընել»։

«Իսկ կու գա՞յ այն պահը, որ Ատրպէյճանին կը ստիպեն կատարել Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները»,- հարցուցած են Ռիչըրտ Կիրակոսեանին։ «Հասկնալի է, որ Ատրպէյճանը չի կատարեր իր նախկին խոստումները։ Բայց խնդիրը այն է, որ միջնորդները չունին լծակներ՝ ստիպելու Ատրպէյճանին կատարելու իր պարտաւորութիւնները։ Օրինակ, Ատրպէյճանը ստիպեց փակել ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակը։ Եւ այդ մէկը վիրաւորանք է ոչ միայն ԵԱՀԿ-ի հանդէպ, այլեւ Ռուսաստանի։ ԵԱՀԿ գրասենեակը Հայաստանի մէջ միշտ ղեկավարուած է ՌԴ-ի կողմէն»,- ըսած է «Ազատութեան» զրուցակիցը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment