Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը» ԼՂ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրած է Բակօ Սահակեանի Թեկնածութիւնը

«Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը» ԼՂ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրած է Բակօ Սահակեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իշխող դաշինքին մաս կազմող «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը» երէկ ԼՂ նախագահի պաշտօնին առաջադրած է գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: Մօտ երեք շաբաթէն ԼՂ խորհրդարանը պիտի ընտրէ անցումային շրջանի նախագահ: Սահակեան առայժմ նախագահի միակ թեկնածուն է։

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ԱԺԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վարդգէս Բաղրեան ըսած է․ «Այսօր տեղի է ունեցել ԱԺԿ 5-րդ համագումարը, որի ընթացքում կայացուել է որոշում՝ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում առաջադրել գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը»:

Բաղրեան նշած է, որ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենան դաշնակից գործընկեր «Ազատ Հայրենիք» կուսակցութեան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան քննարկումները, որոնց արդիւնքով յստակութիւն պիտի մտնէ նաեւ քաղաքական այդ ուժերու կողմէ առաջադրուելիք թեկնածուներու հարցով։

Այս տարի փետրուարի 20-ին իրականացուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի արդիւնքով ԼՂ-ի մէջ հաստատուած է կառավարման լիարժէք նախագահական համակարգ: Նոր Սահմանադրութեամբ՝ յառաջիկայ երեք տարիներուն՝ մինչեւ 2020 թուականը, Ղարաբաղը պիտի կառավարուի անցումային փուլի ռեժիմով: Այդ փուլին պիտի պաշտօնավարէ խորհրդարանի կողմէ ընտրուած նախագահը:

Գործող նախագահ Բակօ Սահակեանը նախկին Սահմանադրութեամբ նախատեսուած երկու ժամկէտով արդէն պաշտօնավարած է: Հակառակ այդ հանգամանքին, ԼՂ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան կը պնդէ, որ օրէնքը Սահակեանին չարգիլեր նորէն առաջադրուիլ․ «Սա անցումային շրջան է, հնարաւոր է նաեւ այդպիսի զարգացում, օրէնքի տեսանկիւնից չի արգելւում»: Հարցին՝ արդեօ՞ք Սահակեանը կ’ուզէ կրկին նախագահ դառնալ, Բաբայեանը պատասխանած է՝ դեռ առաջարկ չեն ստացած, ստանալու պարագային այն կը քննարկուի։

3 տարի տեւող անցումային փուլի ընթացքին Ղարաբաղի մէջ կառավարման համակարգ պիտի փոխուի, պիտի կարգաւորուի նոր իրաւական դաշտ։ Անկէ ետք՝  2020 թուականին արդէն, Ղարաբաղի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի իրականացուին։

Ղարաբաղի խորհրդարանի ընդդիմադիր «Վերածնունդ» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Խանումեանի պնդմամբ, կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւնները ի սկզբանէ Բակօ Սահակեանի ղեկավարման ժամկէտը երկարաձգելու նպատակ ունէին: «2016 թուականին իմ յստակ և ուղիղ հարցին՝ արդեօք դուք ցանկանու՞մ էք 2017-20 թուականներին մնալ անցումային շրջանի նախագահ, ինքը [Բակօ Սահակեանը] դրական պատասխան է տուել: Այս ամբողջն իր ցանկութեան արդիւնքն է»,- «Ազատութեան» ըսած է Խանումեանը: Ան կը կարծէ, որ Բակօ Սահակեան, ի վերջոյ, պիտի ընտրուի, քանի որ «այս խորհրդարանը դէմ չի քուէարկի նրա թեկնածութեանը»։

Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը, մինչդեռ, ընդդիմախօսներուն յիշեցուցած է՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն ազատ եղած է, ԼՂ բնակիչները ընտրած են կառավարման այս ձեւը: Իսկ թէ ով կ’ընտրուի նախագահ, այդ մասին խօսիլը դեռ շուտ է: «Եղել է բաց, թափանցիկ գործընթաց, եւ դրա արդիւնքում ունենք այն, ինչ ունենք»,- աւելցուցած է Բաբայեան:

Լեռնային ղարաբաղի խորհրդարանը 19 յուլիսէն 29-ը ինկած ժամանակահատուածին նիստ պիտի գումարէ եւ անցումային նախագահ ընտրէ։ Նոր Սահմանադրութեամբ վարչապետի պաշտօն նախատեսուած չէ՝ կառավարութիւնը պիտի ձեւաւորուի եւ ղեկավարուի նախագահի կողմէ: Արդէն այս տարուայ սեպտեմբերին գործող վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանը վար պիտի դնէ լիազօրութիւնները, իսկ ԼՂ Ազգային ժողովի ներկայիս նախագահ Աշոտ Ղուլեան իր պաշտօնը պիտի պահպանէ մինչեւ 2020 թուականի ընտրութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment