Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիա Արգիլած է Էրտողանի Հանրահաւաքը Տեղացի Թուրքերու Հետ

Գերմանիա Արգիլած է Էրտողանի Հանրահաւաքը Տեղացի Թուրքերու Հետ

by MassisPost

Գերմանիոյ ներքին գործերու նախարար Թոմաս տը Մեզիերէն բացարձակ ճշմարիտ համարած է այն որոշումը, որով կ’արգիլուի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ելոյթ ունենալ գերմանաբնակ թուրքերու առջեւ: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին յայտնած է գերմանական «Deutsche Welle»-ն:

«Գերմանիոյ մէջ նախապատրաստուող ընտրական պայքարէն առաջ դուրսէն ազդելու փորձերը բացարձակապէս անընդունելի են»,- ըսած է նախարարը: Ան նշած է, որ թէպէտ Թուրքիան Գերմանիոյ համար կարեւոր գործընկեր է, սակայն վերջին շրջանին թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չեն:

Էրտողանը կը նախատեսէ 7-8 Յուլիսին  մասնակցիլ գերմանական Համպուրկ քաղաքին մէջ կազմակերպուելիք G-20 երկիրներու գագաթնաժողովին: Ան պաշտօնապէս դիմած է տեղի իշխանութիւններուն միջոցառում կազմակերպելու եւ այդտեղ ելոյթ ունենալու խնդրանքով: Այս մասին յայտնած էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլը՝ նշելով, սակայն, որ թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններու պարագային այդ հանդիպումը նպատակայարմար չէ:

Իսկ գերմանական տարբեր քաղաքներ մերժած էին ելոյթի համար սրահ տրամադրել Թուրքիոյ նախագահին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment