Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ժառանգութիւնը» կը Պատրաստուի Թաւշեայ Իշխանափոխութեան

«Ժառանգութիւնը» կը Պատրաստուի Թաւշեայ Իշխանափոխութեան

by MassisPost

«Յառաջիկայ հինգ տարիներին համապետական ընտրութիւնների բացակայութիւնը ստիպում է մեզ պատրաստուել արտահերթ թաւշեայ իշխանափոխութեան», – յայտարարած է ընդդիմադիր «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը՝ երէկուայ համագումարի ընթացքին ընդունած հռչակագիրին մէջ:

Կուսակցութեան առաջնորդ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը մանրամասնած է՝ փողոցային պայքարի առիթը կրնայ ըլլալ 2018-ին Սերժ Սարգսեանի որոշումը՝ մնալ իշխանութեան մէջ նախագահականէն տեղափոխուելով, օրինակ, Կառավարութիւն:

«Կասկած չունեմ, որ ինքը [Սերժ Սարգսեանը], յենուելով կեղծուած հանրաքուէի եւ յետոյ կեղծուած ընտրութիւնների վրայ, այս պաշտօնով կամ այն պաշտօնով պիտի ուզենայ երկարաձգել իր ցարական իշխանութիւնը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Յովհաննիսեանը: – «Եւ ուրեմն՝ նախապատրաստուենք, համագործակցենք, գտնենք բանաձեւեր պայքարելու, որ վերջապէս ունենանք մեր ուզած հանրապետութիւնը, ոչ թէ կուսակցապետութիւն կամ սերժապետութիւն», – աւելցուցած է ան:

«Ժառանգութիւնը» ամրան ամիսներուն պիտի բանակցի այլ ուժերու հետ լայն խորհրդակցութիւններ ընէ՝ ընդդիմադիր մեծ ճակատ ձեւաւորելու շուրջ:

«Միատեղելու ենք ջանքերը՝ համախմբելու բոլոր իրապէս ընդդիմադիր ուժերին ընդդէմ կուսակցապետութեան ու ոստիկանապետութեան»,- ըսուած է կուսակցութեան հռչակագիրին մէջ:

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը առաջարկած է նաեւ կուսակցութիւններու միաւորում:

«Ժառանգութիւն»ը երէկ 15-հոգանոց նոր վարչութիւն ընտրեց՝ առաջին անգամ առանց Զարուհի Փոսթանճեանի եւ Անահիտ Բախշեանի: Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը վերընտրուեցաւ կուսակցութեան նախագահ:

Կուսակցութեան համագումարին մասնակցած էին խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ «Ժառանգութեան» գործընկերները:

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի ղեկավար, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը կողմ է լայն համախմբման, առայժմ չակերտներ չէ բացած՝ արդեօք մէկ կուսակցութեան ձեւաչափով, նշելով, որ՝ «համագործակցութիւնը, մտերիմ յարաբերութիւնները միանշանակ շարունակուելու են»:

Սէյրան Օհանեանը չէ ըսած նաեւ՝ փողոցային պայքար կը նախաձեռնէ՞, եթէ Սերժ Սարգսեանը որոշէ իշխանութիւնը ձեռքին մէջ պահել Բաղրամեան 26-ի մէջ, պաշտօնավարման ժամկէտէն ետք․ – «Ես չգիտեմ, թէ ով է լինելու Կառավարութիւնում, ով է լինելու իշխանութիւնում: Ինձ համար մէկ է: Կարեւորն այն է, որ իշխանութիւնը համապատասխան գործունէութիւն ծաւալի, մեր երկիրը առաջ ընթանայ: Ձեւաւորուել է այսօրուայ իշխանութիւնը, ունենք այն, ինչ ունենք, իր բոլոր՝ շատ չնչին դրական եւ մեծամասնութեամբ բացասական երեւոյթներով: Բայց պատասխանատուութիւն, եւ ամենակարեւորը՝ հաշուետուողականութիւն պէտք է լինի ժողովրդի առջեւ: Եթէ իշխանութիւնը այդ ամէնը չիրականացնի, ապա ժողովուրդը պէտք է որոշի, դուրս գայ եւ պահանջի, որպէսզի նրանք կա՛մ աշխատեն, կա՛մ իրենց տեղը զիջեն»:

Կուսակիցներու եւ  հիւրերու առջեւ իր ելոյթի ժամանակ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը հաւաստիացուցած է՝ ո՛չ քաղաքականութենէն, ո՛չ ալ Հայաստանէն պիտի հեռանայ՝ ինչքան ալ մամուլը գրէ: – «Ես որոշ մարդկանց պէտք է յուսախաբ անեմ, որովհետեւ մենք Հայաստանից գնացողը չենք», – շեշտած է «Ժառանգութեան» առաջնորդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment