Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կանխուած է Հակառակորդի Ներթափանցման Փորձը. Ատրպէյճան կը Հերքէ որ Ունի Առնուազն 4 Զոհ

Կանխուած է Հակառակորդի Ներթափանցման Փորձը. Ատրպէյճան կը Հերքէ որ Ունի Առնուազն 4 Զոհ

by MassisPost

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ կէսօրին տարածած հաղորդագրութեամբ հերքած է ներթափանցման յարձակման մասին տեղեկատուութիւնը։

Մինչդեռ, ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի խօսնակ Սենոր Հասրաթեանը, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը իր չորս զինծառայողներու դիերը արդէն դուրէն բերած է միջդիրքային գօտիէն։

21 Յունիսի գիշերը ատրպէյճանական յատուկջոկատայինները, ըստ Պաշտպանութեան բանակի, փորձած էին յարձակիլ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, բայց նահանջած էին՝ տալով չորս զոհ։

Ներթափանցման  մասին տեղեկութիւնը հրապարակելէ ետք ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է։ Յիշեցնելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու 19 Յունիսի յայտարարութիւնը՝ հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է․ – «Մենք կը կիսենք համանախագահներու մտահոգութիւնը հրադադարի վերջին խախտումներու առնչութեամբ, որոնց հետեւանքով շփման գիծին վրայ ցաւալի զոհեր եղան»։

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի անունէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կողմերուն կոչ եղած է խուսափիլ իրավիճակի յետագայ սրումէն եւ նուազեցնել լարուածութիւնը։ Գլխաւոր քարտուղարը կողմերուն յորդորած է վերսկսիլ բանակցութիւնները՝ վստահեցնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային ՄԱԿ-ը պիտի աջակցի նման ջանքերուն:

Եւրոմիութիւնը եւ ԱՄՆ-ն եւս մտահոգուած են Ղարաբաղի մէջ լարուածութեան աճով։ Վերջին օրերուն անոնք տարբեր ուղերձներով հանդէս եկած են, կոչ ընելով կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ թուլացնել լարուածութիւնը հակամարտութեան գօտիին վրայ։

Քաղաքագէտ Ստեփան Գրիգորեանի կարծիքով, մայիսին ԵԱՀԿ համանախագահներու հասցէական յայտարարութենէն ետք Ատրպէյճանը սահմանին իրավիճակը մօտ երկու շաբաթ չէր լրեր, բայց հիմա, երբ յայտարարութիւններուն մէջ կրկին երկու կողմերուն  խաղաղութեան կոչ կ’ընեն, իրավիճակը կրնայ դարձեալ լարուիլ, եւ այս մէկը պէտք է հասկցնել միջազգային կառոյցներուն։

«Երբ որ հասցէկան չի, իրենք լկտի են: Եկէք հասցէական արէք, որ իրենք էլ հանգստանան, մենք էլ կարողանանք վերսկսել բանակցութիւնները: Եւ այստեղ մենք պէտք է քոնսթրուքթիւ լինենք: Մենք չպէտք է նոյն կոշտ դիրքորոշումը ցուցաբերենք: Այո՛, մենք նախապայմաններ ունենք, բայց ո՞րն է դա: Ասենք, Վիեննան եկէք կատարենք: Մենք պէտք է շարունակենք լինել քոնսթրուքթիւ, այդ ֆունկցիան շատ կարեւոր է՝ ապացուցել, անընդհատ ցոյց տալ»:

Այն, որ լարուած իրավիճակը կրնայ անկանխատեսելի ելք ունենալ, ըստ քաղաքագէտի, կ’ապացուցէ նաեւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի երէկուան ուղերձը։ Գրիգորեանը կը կարծէ, որ այս պայմաններուն մէջ Ատրպէյճանը յառաջիկային պիտի շարունակէ լարել սահմանային իրավիճակը։

ԼՂ զինուած ուժերը կը պնդեն, որ 22 Յունիսին տեղի ունեցած ներթափանցման արդիւնքով կորուստներ չունին: Յարձակումը «հնարաւոր է եղել կանխել նաեւ դիրքային համակարգերի կահաւորուածութեան եւ թեխնիքական պատշաճ յագեցուածութեան շնորհիւ»։

Ատրպէյճանցի զինծառայողները, ըստ Պաշտպանութեան բանակի, միջդիրքային տարածքին մէջ տարբեր զէնքեր թողած են, որոնց լուսանկարները ռազմական գերատեսչութիւնը հրապարակած է։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը ըսած է, որ նկարներուն մէջ պատկերուած զէնքերը յատուկ նշանակութեան ջոկատի «սթանտարթ» զէնքեր են․ – «Ատրպէյճանական քաղաքական ղեկավարութիւնը կարող է հերքել իհարկէ, եւ հաւանաբար կը հերքի էլ, բայց ինքը շատ լաւ հասկանում է, որ էդ զրահաբաճկոնը, էդ սաղաւարտը եւ զէնքը համարով յատուկ նշուած է իրենց համար»:

Անցած գիշեր սահմանին իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ եղած է։ Դեռ պարզ չէ երեք օր առաջ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ձեռքը յայտնուած Հայաստանի քաղաքացի 43-ամեայ Զաւէն Կարապետեանի ճակատագիրը։ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակէն «Ազատութեան» փոխանցած են, որ Կարապետեանին դեռ չեն կրցած հանդիպիլ։ Ատրպէյճանի պետական կառոյցներու հետ երկխօսութիւնը կը շարունակուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment