Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ-ն 3 Միլիոն Եւրօ կը Յատկացնէ Հայաստանին՝ Սուրիացի Փախստականներուն Աջակցելու Համար

ԵՄ-ն 3 Միլիոն Եւրօ կը Յատկացնէ Հայաստանին՝ Սուրիացի Փախստականներուն Աջակցելու Համար

by MassisPost

Եւրոմիութեան տարածաշրջանային ներդրումային հիմնադրամը, երէկ, սուրիական ճգնաժամի հետեւանքներու մեղմացման ուղղուած 275 միլիոն եւրօ արժողութեամբ ծրագիր հաստատած է: Ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցիլ փախստականներուն եւ անոնց ապաստան տուած համայնքներուն՝ Թուրքիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի, Իրաքի, Արեւմտեան Պալքաններուն եւ Հայաստանին:

Ծրագիրը պիտի կեդրոնանայ կրթութեան, առողջապահութեան, համայնքներու աջակցութեան, ընկերային ներգրաւուածութեան, սեռական հաւասարութեան վրայ:

Եւրոպական յանձնաժողովի հաղորդագրութեան համաձայն՝ 275 միլիոն եւրոյէն 3 միլիոնը պիտի յատկացուի Հայաստանի սուրիացի փախստականներուն: Կը նախատեսուի, մասնաւորապէս, մեծցնել առողջապահական եւ հոգեբանական ծառայութիւններու մատչելիութիւնը, բարելաւել բնակարանային պայմանները, մեծցնել տնտեսական ծրագիրներուն մասնակցելու հնարաւորութիւնները եւ աշակերտներու ու ուսանողներու համարկումը:

ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն՝ Սուրիոյ վեցամեայ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով աւելի քան 12 միլիոն մարդ տեղահանուած է: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան հաղորդմամբ՝ պատերազմի բռնկումէն ի վեր Հայաստանը ընդունած է 22 հազար սուրիահայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment