Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը «Թիրախային եւ Անհամարժէք» Պատասխան կը Խոստանայ

Ստեփանակերտը «Թիրախային եւ Անհամարժէք» Պատասխան կը Խոստանայ

by MassisPost

Մէկ Օրուան Մէջ 4 Հայ Զինծառայող Զոհուած է

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սահմանին  4 հայ զինծառայող զոհուած է։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 16 յունիսի առաւօտեան ատրպէյճանական կողմը հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի։ Մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող 20-ամեայ Նարէկ Տիգրանի Գասպարեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի շուտ հաղորդած էր , որ 16 յունիսին՝ ժամը 18:05-ի սահմաններուն, հակառակորդը հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետերէ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը ՊԲ կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասի ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով մահացու վիրաւորումներ ստացած են ՊԲ զինծառայողներ Արայիկ Ռուտիկի Մատինեանը (ծնեալ 1997թ.), Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը (ծնեալ 1997թ.) եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (ծնեալ 1997թ.):

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսելով կորստեան ծանր վիշտը, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն եւ կը հաւաստիացնէ, որ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւններու անհասցէ յայտարարութիւններէն ոգեւորուած հակառակորդի դարանակալ գործողութիւններու պատասխանը պիտի ըլլայ թիրախային եւ անհամարժէք:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութեան» փոխանցած է, որ կայ երկու վիրաւոր, որոնք տեղափոխուած են Երեւան՝ անոնց վիճակը կայուն ծանր է։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան այցելելով սահմանային զօրամասեր՝ յայտարարած է, որ նման յանցագործութիւններն անպատիժ պիտի չմնան։

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի գործողութիւնները, ակնկալելով միջազգային կառոյցներու հասցէական քննադատութիւնը՝ ուղղուած ատրպէյճանական կողմին։

«Մենք ակնկալում ենք, որպէսզի համանախագահները, ասել է թէ՝ միջազգային հանրութիւնը, շարունակի հասցէական եւ կոշտ դիրքորոշումը իր արտայայտել՝ բացեիբաց, նամանաւանդ, որ դրա համար կան բոլոր հիմքերը՝ ե՛ւ պատճառները, ե՛ւ առիթները: Եթէ դա տեղի չունենայ, ապա Ատրպէյճանը, որը փորձում է այս վերջին յայտարարութիւնը ներկայացնել որպէս անհեթեթութիւն եւ ընդհանրապէս՝ տարօրինակութիւն, կը հասնի իր նպատակին», – ընդգծած է Բաբայեան:

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ այսօր տարածած յայտարարութեան մէջ պնդած է, թէ իրենց գործողութիւնները պատասխանն են հայկական կողմի «սադրանքներուն», որոնց հետեւանքով 15 յունիսին ատրպէյճանական կողմը կորուստներ ունեցած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment