Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չորս Հայազգի Թեկնածուներ Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատգամաւոր Ընտրուած են

Չորս Հայազգի Թեկնածուներ Ֆրանսայի Խորհրդարանի Պատգամաւոր Ընտրուած են

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի «Առաջ Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը բացարձակ մեծամասնութիւն ստացած է Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատին մէջ՝ ընտրութիւններու երկրորդ փուլի արդիւնքով:

Նախագահ Մաքրոնի կուսակցութեան 5 հայազգի թեկնածուներէն պատգամաւոր դարձած են 4-ը: Հայ մասնակիցներէն Փասքալ Շամասեանը, հաւաքելով 45 տոկոս ձայներ, իր ընտրատարածքին մէջ զիջած է «Հանրապետականներ» կուսակցութեան թեկնածու Վալէրի Պուայէին, որ ստացած էր քուէներու 55 տոկոսը: Վալէրի Պուայէն յայտնի է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրինագիծի առաջ մղման ուղղուած գործունէութեամբ: Պատգամաւորներ դարձած են ֆրանսահայեր Դանիէլ Ղազարեանը, Ժաք-Մարի Լուսեանը, Նատիա Եսայեանը եւ Կիոմ Գասպարեանը:

Նախագահի կուսակցութիւնը այժմ 577 տեղանոց խորհրդարանին մէջ շուրջ 370 մանդատ ունի, այդ շարքին՝ դաշնակից «Դեմոկրատական շարժում» (MoDem) կուսակցութեան մանդատները: «Աջ պահպանողական հանրապետականներ» եւ «Անկախներու դեմոկրատական միութիւն» կուսակցութիւնները յաղթած են 133 տեղամասերով:

Նախկին իշխող ուժը՝ Սոցիալիստական կուսակցութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն  կրած է, ստանալով ընդամէնը 32 մանդատ»: Ազգայնական Մարին Լը Փենի «Ազգային ճակատ» կուսակցութիւնը նուաճած է 6 մանդատ, եւս 6 մանդատ ստացած է «Ազգային ճակատ»-ի դաշնակից «Ոտքի Ֆրանսա» շարժումը: Մնացեալ ձախակողմեան ուժերը, այդ շարքին՝ կոմունիստները, միասին խորհրդարանի մէջ ստացած են 26 տեղ: Կ’ենթադրուի, որ այդ ուժերը պիտի միաւորուին խորհրդարանական մէկ խումբի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment