Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողանի Թիկնազօրի 12 Անդամի Ձերբակալութեան Հրաման Տրուած է

Էրտողանի Թիկնազօրի 12 Անդամի Ձերբակալութեան Հրաման Տրուած է

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ նախագահի թիկնազօրի 12 անդամները ձերբակալելու հրաման տուած է՝ 16 Մայիսին Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ ցուցարարներու վրայ յարձակելու համար:

Ուաշինկթընի քաղաքապետ Մուրիըլ Պրաուզըր եւ ոստիկանապետ Փիթըր Նիւշամ համատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտնած են, որ ձերբակալելու հրաման տրուած Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայութեան 9 անդամներու, Թուրքիոյ ոստիկանութեան երեք սպաներու եւ երկու գանատացիներու նկատմամբ, որոնք նաեւ Թուրքիոյ քաղաքացիներ են:

Ուաշինկթընի քաղաքապետը ըսած է, որ 16 Մայիսին 9 մարդ վիրաւորուած է այդ դաժան յարձակման հետեւանքով:

«Ինչպէս նախապէս յայտնած եմ արդէն, կը դատապարտեմ այս յարձակումը: Ատիկա կը հակասէ մեր արժէքներուն, որովհետեւ յարձակում էր ամերիկացիներու հիմնարար իրաւունքներու կատարման դէմ: Մենք կոչուած ենք պաշտպանելու եւ պահպանելու այդ իրաւունքները», ըսաւ Ուաշինկթընի քաղաքապետը` աւելցնելով, որ կ’ուզէ յստակացնել իրենց դիրքորոշումը: «Մեր մայրաքաղաքին մէջ պարբերաբար խաղաղ ցոյցեր տեղի կ’ունենան: Միլիոնաւոր մարդիկ կու գան այստեղ խաղաղ ցոյցեր կատարելու», ըսած է Պրաուզըր:

Յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլըրսընը: Անոր յայտարարութիւնը ներկայացուցած  է Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Հիզըր Նոյըրթը: «Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայութեան 12 աշխատակիցներու դէմ մեղադրանքը յստակ ուղերձ է, որ Միացեալ Նահանգները չի հանդուրժեր անոնց, որոնք ազատ խօսքը եւ արտայայտուելու քաղաքական օրինական ազատութիւնները ճնշելու համար կը դիմեն ահաբեկումներու եւ բռնութիւններու», – ընդգծուած է Թիլըրսընի յայտարարութեան մէջ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանը չընդունին ԱՄՆ իշխանութիւններու մեղադրանքները իր թիկնազօրի անդամներու վերաբերեալ: Էրտողան ըսած է, թէ պիտի պայքարի իր թիկնապահները ձերբակալելու որոշումներուն դէմ:

Ռամատանի ընթրիքի ժամանակ Թուրքիոյ նախագահը, անդրադառնալով ԱՄՆ-ի մէջ, իր խօսքով՝ երկու եղբայրներու ձերբակալութեան եւ իր թիկնազօրի 12 անդամները ձերբակալելու հրամանին, դժգոհած է․ – «Աս ի՞նչ օրէնք է, աս ի՞նչ իրաւական համակարգ է»:

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութիւնը ըսած էր, թէ Էրտողանի դէմ բողոքողները կապ ունին Քրտական բանուորական կուսակցութեան (PKK) հետ, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած զինուած, ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը համարուի: Ուաշինկթընի ոստիկանապետը ասուլիսին ըսած է` նման ապացոյցներ չկան, թէ ցուցարարները PKK -ի հետ կապեր ունին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment