Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Մամուլի Ատելութեան Գլխաւոր Թիրախը Հայերն Են

Թրքական Մամուլի Ատելութեան Գլխաւոր Թիրախը Հայերն Են

by MassisPost

Պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամը հրապարակած է «Մամուլի մէջ ատելութիւն ընդգրկող նիւթերու դիտարկում» զեկոյցը՝ 2017-ի յունուար-ապրիլ ամիսներու:

Ըստ զեկոյցին` 4 ամսուան ընթացքին հրապարակուած է Թուրքիոյ ազգային, ցեղական եւ կրօնական խումբերը թիրախաւորող 1876 յօդուած եւ լուր: Մամուլի մէջ հրապարակուած բոլոր նիւթերուն մէջ բացայայտուած է 58 տարբեր խումբերու նկատմամբ ատելութեան 2335 դէպք:

Ըստ պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթին՝ այս 4 ամսուան ընթացքին ամենաշատը թիրախաւորուած են հայերը:

Յայտնաբերուած է հայերը թիրախաւորող 439 ատելութիւն ընդգրկող նիւթ։ 2-րդը սուրիացիներն են, որոնց մասին հրապարակուած է նմանատիպ բովանդակութեամբ 433 նիւթ, իսկ հրեաները 3-րդն են` 298: Առաջին եռեակին կը յաջորդեն ընդհանուր առմամբ բոլոր քրիստոնեաները, ապա յոյները, որոնց թիրախաւորող համապատասխանաբար հրապարակուած է 210 եւ 198 նիւթ:

Ըստ զեկոյցին` նշեալ ժամանակահատուածին մամուլի հրապարակումներուն մէջ հայերը ներկայացուած են իբրեւ թշնամի` նոյնացուելով բռնութեան հետ: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ հակամարտութեան վերաբերող նիւթերուն եւ մեկնաբանութիւններուն մէջ թիրախաւորուած են հայերը, յիշատակուած են PKK եւ ASALA-ի հետ միասին եւ նոյնականացուած են «ահաբեկչութեան» հետ: Բացի այդ, հայերը ցոյց տրուած են իբրեւ ուժ մը, որ կանգնած է մշտապէս թշնամի ներկայացուող խումբերու եւ անձերու ետին:

Ատելութիւն ընդգրկող հռետորաբանութիւն յատկապէս կը հանդիպի «Yeni Akit», «Milli Gazete», «Yeni Soz», «Yenicag», «Milat Gazetesi», «Dirilis Postası» թերթերուն մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment