Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ–ի Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հանդիպումը ԵԼՔ Դաշինքի Առաջնորդներուն Հետ

ԱՄՆ–ի Դեսպան Ռիչըրտ Միլզի Հանդիպումը ԵԼՔ Դաշինքի Առաջնորդներուն Հետ

by MassisPost

14 Յունիսին ԵԼՔ դաշինքի առաջնորդներ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեանը, Արամ Սարգսեանը, Նիկոլ Փաշինեանը  եւ դաշինքի Երեւանի աւագանիի խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Խաժակեանը Լուսաւոր Հայաստան Կուսակցութեան գրասենեակին մէջ հիւրընկալած են  ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Ռիչըրտ Միլզին, քաղաքական հարցերով պատասխանատու Ռուբէն Յարութիւնեանին եւ քաղաքական հարցերով մասնագէտ Լիլիթ Օհանեանին։ Դաշինքի առաջնորդները ներկայացուցած են դաշինքի յառաջիկայ ընելիքները։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ  շարք մը ներքաղաքական հարցեր։

Զրոյցի ժամանակ դեսպանը նշած է. «Կը շնորհաւորեմ հայ ժողովուրդի վստահութեան արժանանալու եւ թէ՛ Ազգային ժողովի մէջ, թէ՛ Երեւան քաղաքի աւագանիի կազմին մէջ տեղեր զբաղեցնելու համար: Ընդդիմութեան մէջ կառուցողական դերակատարում ունենալը մեծ պատասխանատուութիւն է՝ երկիւղալի  մարտահրաւէրներով, սակայն ժողովրդավարական գործընթացի եւ արդիւնաւէտ քաղաքական գործունէութեան համար կը պահանջուի ձեր եռանդն ու ներգրաւուածութիւնը՝ ի շահ  Հայաստանի ժողովուրդի եւ Երեւան քաղաքի բնակիչներու: ԱՄՆ կառավարութիւնն ու ԱՄՆ դեսպանութիւնը պատրաստ են ուժերու ներածին չափով աջակից ըլլալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment