Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաւապաշտպանները Կ’առաջարկեն Ընտրակաշառքը Դիտարկել Ծանր Յանցագործութիւն` Պետութեան Դէմ

Իրաւապաշտպանները Կ’առաջարկեն Ընտրակաշառքը Դիտարկել Ծանր Յանցագործութիւն` Պետութեան Դէմ

by MassisPost

«Անկախ Դիտորդ» հասարակական դաշինքի՝ խորհրդարանական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու դիտարկման ամփոփիչ զեկոյցի ներկայացման ժամանակ Հելսինքեան քաղաքացիական   խորհուրդի Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցը  ըսած է: «Ընտրութիւնները չեն եղել ազատ, չի ապահովել եւ ԱԺ ընտրութիւնների եւ Երեւանի աւագանու ընտրութիւնների ժամանակ ընտրողների ազատ կամքի դրսեւորումն ու ապահովումը չի համապատասխանել ժողովրդավարական չափանիշներին»:

Ան քանի մը առաջարկ ըրած է ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեանին, որ մասնակցած էր զեկոյցի ներկայացման: Սաքունցի խօսքերով՝ «Ընտրախախտումների վերաբերեալ մեր հաղորդումները յատկապէս քրէական բնագաւառում չենք կարողանում իրականացնել շատ պարզ պատճառով՝ մեր դիտորդները խուսափում են կամ վստահ չեն հնարաւոր ճնշումներից: Նախորդ Ընտրական օրէնսգրքում կար հետեւեալ մի դրոյթ, որ դիտորդները չեն կարող հետապնդուել իրենց կարծիքի արտայայտման համար քուէարկութեան աւարտից յետոյ 7 օրուայ ընթացքում: Եթէ դիտորդը ոչ ճիշդ տուեալ է տալիս, նոր օրէնսգրքով կարող է սուտ մատնութեան յօդուածով հետապնդուել: Դա բաւական ազդեցութիւն է ունենում: Մենք գտնում ենք, որ դիտորդների անձեռնմխելիութեան, իրենց կարծիքի համար հետապնդման չենթարկուելու դրոյթը պէտք է ԸՕ-ում մտցուի»: Յետոյ Սաքունցը առաջարկած է, որ քանի որ ընտրակաշառքի հետ կապուած կը հրաժարին հետախուզական գործողութիւններ ընել՝ ըսելով, որ Քրէական օրէնսգիրքով այդ յանցագործութիւնը ծանր չի համարուիր. «Մենք պէտք է ընտրական գործընթացի հետ կապուած որոշ քրէօրէն հետապնդելի խախտումներ դիտարկենք՝ որպէս պետութեան դէմ ուղղուած ծանր յանցագործութիւն»:

Դատախազութեան ներկայացուցիչը՝ յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութեան պետի տեղակալ Սեւակ Յովհաննիսեանը, որ մասնակցած էր զեկոյցի շնորհահանդէսին, ըսած է, որ եթէ դիտորդներու առաջարկը ընդունին եւ այն ծանր յանցագործութիւն դիտեն, ապա կրկնաքուէարկութեան համար մարդուն պիտի տասը տարիէն աւելի դատապարտեն, պէտք է փոխուի Քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած ամբողջ պատժաչափը: Սաքունցը ըսած է, որ կը կարեւորեն նաեւ արտերկրի մէջ մեր քաղաքացիներու ընտրական իրաւունքի իրացումը:

ԿԸՀ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան վերջին այս առաջարկի հետ կապուած ըսած է, որ այդ առաջարկը եղած է նաեւ կուսակցութիւններու կողմէ, քննարկուած է եւ անոր վերաբերեալ արդէն իրենց կարծիքը յայտնած են:

ԿԸՀ նախագահը խոստացած է զեկոյցի մասին ԿԸՀ-ի տեսակէտը գրաւոր ուղարկել, որ յետագային կցուի զեկոյցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment