Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՆԱԹՕ-ի Համար Մտահոգիչ Չէ ՀՀ-ի Անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին Կամ ԵԱՏՄ-իմ

ՆԱԹՕ-ի Համար Մտահոգիչ Չէ ՀՀ-ի Անդամակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին Կամ ԵԱՏՄ-իմ

by MassisPost

ՆԱԹՕ-ի համար բոլորովին մտահոգիչ չէ Հայաստանի անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան կամ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան: 12 Յունիսին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման այս մասին ըսած է Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: «Մենք կը յարգենք Հայաստանի հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութիւնը: Հայաստանը կը շարունակէ մնալ վստահելի գործընկեր ՆԱԹՕ-ի համար»,- «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ ընդգծած է Ափաթուրայ:

Ան աւելցուցած է, որ ՆԱԹՕ-ն կը շարունակէ համագործակցիլ Հայաստանի հետ բոլոր հնարաւոր ուղղութիւններով: «Պիտի շարունակենք Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը բոլոր այն ուղղութիւններով, ուր ան ողջամիտ կը համարուի»,- եզրափակած է Ճէյմս Ափաթուրայը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment