Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հրաժարական Տալու Մտադրութիւն Չունիմ». Կարէն Կարապետեան

«Հրաժարական Տալու Մտադրութիւն Չունիմ». Կարէն Կարապետեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին վստահեցուցած է, որ հրաժարականի դիմում ներկայացնելու մտադրութիւն չունի:

Յիշեցնենք, մամուլը պարբերաբար կը գրէ Սերժ Սարգսեանի եւ Կարէն Կարապետեանի յարաբերութիւններու վատթարացման մասին, մամուլի մէջ նաեւ լուրեր կը շրջանառուին վարչապետի հնարաւոր հրաժարականի մասին։

Լրագրողի մը հարցումին, թէ ինչ յարաբերութիւններ ունի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Շատ լաւ, աշխատանքային, յարգալից, գործնական»:

Դիտարկման, թէ իր հրաժարականի մասին լուրերը ինչո՛ւ ծագեցան, վարչապետը ըսած է, որ չի կրնար ըսել, թէ ինչու համար տարածուած են իր հրաժարականի մասին լուրերը:

Անդրադառնալով մամուլի մէջ շրջանառուող լուրերուն, թէ իր եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հակասութիւններ կան, Կարէն Կարապետեան պատասխանած է. «Ես այդ հարցին արդէն պատասխանած են։ Ատիկա ճիշդ չէ»:

Աւելի վաղ Սերժ Սարգսեան  հերքած էր իր եւ Կարէն Կարապետեանի միջեւ լարուած յարաբերութիւններու վերաբերեալ հրապարակումները։ Նախագահը նաեւ ըսած էր, որ վարչապետը հրաժարական տալու որեւէ պատճառ չունի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment