Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:
«Բակօ Սահակեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան, զինադադարի խախտումներու եւ միջազգային սկզբունքներու ոտնահարման բազմաթիւ փաստերու վրայ` զանոնք որակելով որպէս հակամարտութեան կարգաւորման հիմնական խոչընդոտներ եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան պահպանման լուրջ վտանգներ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս: