Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տեղի Ունեցաւ Լեհաստանի Հայ Համայնքի 650 Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

Տեղի Ունեցաւ Լեհաստանի Հայ Համայնքի 650 Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողով

by MassisPost

9 Յունիսին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է «Լեհաստանի հայ համայնք. անցեալ եւ ներկայ» խորագրով գիտաժողով, որ մեկնարկած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի օրհնութեան խօսքով:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը: «Ողջունում եմ բոլորիդ այս պատմական իրադարձութեան կապակցութեամբ այստեղ գտնուելու եւ այս գիտաժողովը կազմակերպելու առթիւ: Գաղտնիք չէ, որ մեր նախնիները սկսած 11-րդ դարից՝ Անիի կործանումից, Կիլիկեան թագաւորութեան անկումից մինչեւ Ցեղասպանութիւն, տարբեր պատճառներով եւ տարբեր հանգամանքներում բռնել են գաղթի ճամբան: Ամենայատկանշականն այն է, որ գաղթականների մի ստուար մաս, հաստատուելով Ղրիմում, ապա տեղափոխուելով Լվով, այդ տարածքներում թողել են հայկական մնայուն հետք, ստեղծել պատմամշակութային կոթողներ, յուշարձաններ: 1990-ականներին, երբ մարդկանց տեղաշարժերն աշխարհում դարձան սովորական երեւոյթ, Հայաստանից եւս տեղաշարժեր եղան դէպի Լեհաստան: Այսպիսով՝ այսօր մենք ունենք 50 հազարանոց լեհահայ համայնք, որը հիմա բաւականին ինքնակազմակերպուած, համախմբուած է, ունի իր հոգեւոր կեդրոնը, դպրոցները, համայնքի կենսունակութիւնը ապահովող այլ կառոյցներ»,-նշած է Հրանոյշ Յակոբեանը:

Նախարարը ընդգծած է նաեւ, որ այսօր հայ-լեհական յարաբերութիւնները առաւել կը սերտանան, կը զարգանան գործարար կապերը, եւ այդ ամէնուն մէջ իրենց դերակատարութիւնը ունին լեհահայ համայնքի ներկայացուցիչները եւս:

Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը, խօսելով լեհահայ համայնքի անցեալի եւ ներկայի մասին, նկատած է, որ հայերը դարեր շարունակ ունեցած են կայուն համայնք եւ նկատելի ներկայութիւն այժմեան Ուքրանիայի եւ Լեհաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող յայտնի քաղաքներուն մէջ: «Ուղիղ 650 տարի առաջ Կազիմիր 3-րդ թագաւորը Լեհաստանի հայերին ներքին ինքնիշխանութիւն շնորհեց, սակայն պէտք է հաշուի առնել, որ հայ համայնքն ու եկեղեցին գոյութիւն են ունեցել դրանից մէկ-մէկուկէս դար առաջ»,- ըսած է Գերաշնորհ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոսը:

Այնուհետեւ զեկուցմամբ հանդէս եկած է ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, բ. գ. դ. Վարդան Դեւրիկեանը: Ներկայացնելով 16-18-րդ դարերուն լեհահայոց գրականութիւնը՝ Վարդան Դեւրիկեանը շեշտադրած է այն հանգամանքը, որ լեհահայ համայնքը, կազմուած ըլլալով Անիէն, Կիլիկիայէն եւ Օսմանեան կայսրութենէն եկած գաղթականներու  քանի մը սերունդէն, ունեցած է բազմաշերտ լեզուական համակարգ, որ իր անդրադարձը գտած է նաեւ գրականութեան մէջ:

Զեկուցումներով հանդէս եկած եւ նաեւ ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Հերիքնազ Որսկանեանը, Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի Արեւելեան Եւրոպայի հայկական յուշարձաններու ուսումնասիրման ծրագրի ղեկավար Սահակ Վարդանեանը, ԳԱԱ Գրականութեան հիմնարկի Հայ նոր գրականութեան բաժնի վարիչ Սիրանոյշ Մարգարեանը եւ այլք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment