Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ

Ի՞նչ Դեր Կատարած է Կայսերական Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Մէջ

by MassisPost

Berlin-bookՊերլինի Հենրիխ Պեոլի անուան հիմնադրամի շէնքին մէջ կայացած է Հայոց ցեղասպանութեան մէջ կայսերական Գերմանիոյ դերակատարման նուիրուած գիտական յօդուածներու հաւաքածոյի շնորհահանդէսը, կը գրէ DW-ը։

Այս թեման արդիական դարձած է այն բանէն ետք, երբ Պունտեսթակը մէկ տարի առաջ ընդունած է բանաձեւ, ուր առաջին անգամ ու պետական մակարդակի վրայ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Այդ բանաձեւը դժգոհութիւն առաջացուցած էր Թուրքիոյ մօտ եւ գերմանա-թրքական յարաբերութիւններու կտրուկ սառեցման պատճառներէն մէկը դարձած էր։

Ի՞նչ գիտէին Պերլինի մէջ 1915-ի ժամանակ
Կը պարզուի, շատ բան գիտէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններու ու աքսորի մասին։ Պատմական Քրիսթին Պշիխխոլցը Գերմանիոյ ԱԳՆ-ի արխիւին մէջ գտած է ապացոյց, որ կայսերական Գերմանիոյ կառավարութիւնը ոչ միայն հոյակապ տեղեկացուած էր այդ իրադարձութիւններու մասին, այլեւ կը հասկանար, որ Օսմանեան կայսրութենէն հայերու աքսորի ռազմական անհրաժեշտութեան մասին երիտթուրքերու վստահեցումները անհիմն են։

Հաւաքածոյի շնորհահանդէսի ժամանակ Հայոց ցեղասպանութեան հետազօտութեան գերմանական կեդրոնի ղեկավար Ռոլֆ Հոսֆելտը մէջբերած էր զեկոյց մը, որ 1915-ի  7 Յուլիսին Կոստանդնուպոլսէն Պերլին ուղարկած էր գերմանացի դեսպանը։ Դիւանագէտը գրած էր, որ թրքական իշխանութիւններու նպատակն է հայկական  ցեղի ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութենէն ներս։ Նոյնատիպ գնահատականներ կանոնաւոր տրուած են նաեւ յետագայ զեկոյցներուն մէջ։

Գերմանացի դիւանագէտները, անոր խօսքով, բաւականին ճշգրիտ նկարագրած են այն, ինչ յետագային կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն։

Պերլինը անգործ չէ մնացած
Վերոնշեալ բանաձեւին մէջ գերմանացի խորհրդարանականները ոչ միայն 1915-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած զանգուածային կոտորածները Ցեղասպանութիւն կոչած են, այլեւ նշած անոր համար Գերմանիոյ պատասխանատուութիւնը, որ այն ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցն էր։

Պատգամաւորները համարած են, որ Պերլինը ոչինչ ձեռնարկած է, հայերու աքսորն ու սպանութիւնները դադրեցնելու համար։ Սակայն պատմաբանները պարզած են, որ  այդպէս չէ։ Կամ՝ այդքան ալ այդպէս չէ։

Օրինակ սպաներէն մի քանին կրցած էին խոչընդոտել խումբ մը հայերու աքսորը, իսկ որոշ զինուորներ անոնց օգնած են, գումար փոխանցած եւ օգնած են փախչիլ։ Եղած են նաեւ սպանութիւնները կանխելու դիւանագիտական փորձեր

Հայերու հետապնդումներու դէմ Գերմանիոյ կառավարութեան ու դեսպանատան բազմաթիւ բողոքներուն միայն մէկ պատասխան եղած է։ 1915-ի դեկտեմբերին,  պատմած է Ռոլֆ Հոսֆելտը, Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտնած էր Գերմանիոյ՝ իր ներքին գործերուն միջամտելու անթոյլատրելիութեան մասին։

Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Հոլոքոսթը

Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Գերմանիոյ մէջ սկսան մոռնալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց յետոյ անոր մասին յիշեցին ուժ հաւաքած ազգայնական ընկերվարականները։ Իրենց թերթերու ու ամսագիրներու էջերուն անոնք սկսան ոչ թէ հերքել ցեղասպանութեան փաստը, այլեւ այն ներկայացնել որպէս ազգաբնակչութեան ժամանակակից քաղաքականութեան թոյլատրելի մեթոտ։ Այս թեմայով յօդուած մը գտած են նացի ամսագրի մէջ, որ թողարկուած էր դեռ 1923-էն ալ առաջ։

Ըստ պատմաբանի՝ հայերու զանգուածային ոչնչացումը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Հիթլերին դրդած էր այն միտքին, որ նման մեթոտը կիրառելի է նաեւ Գերմանիոյ մէջ՝ հրեաներու նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment