Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութեան Շտապողականութիւնը Մասնաւորեցման Հարցով կը Մտահոգէ Ընդդիմութիւնը

Կառավարութեան Շտապողականութիւնը Մասնաւորեցման Հարցով կը Մտահոգէ Ընդդիմութիւնը

by MassisPost

Ազգային ժողովը երէկ առաջին ընթերցմամբ ընդունած է Կառավարութեան ներկայացուցած 2017-2020 մասնաւորեցման ծրագիրը՝ 57 կողմ, 23 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Կողմ եղած էր իշխող դաշինքը՝ Հանրապետականն ու Դաշնակցութիւնը, ընդդիմադիր խմբակցութիւններու՝ «Ծառուկեան» եւ «Ելք» դաշինքներու պատգամաւորները մերժած են նախագիծը՝ դէմ քուէարկութեամբ կամ չքուէարկելով:

Յառաջիկայ երեք տարիներու համար նախատեսուած մասնաւորեցման ծրագրին մէջ պետական բաժնեմաս ունեցող շուրջ հինգ տասնեակ ընկերութիւններ ընդգրկուած են, այդ շարքին՝ «Հայփոսթը», «Հայֆիլմը», «Հրազդան» մարզադաշտը, Կառավարութեան ընդունելութիւններու տունը, Երեւանի ոսկերչական գործարանը: Ցանկի մէջ են նաեւ շուրջ մէկ տասնեակ առողջապահական հաստատութիւններ՝ Ուռուցքաբանական կեդրոնը, վնասուածքաբանութեան, ճառագայթային բժշկութեան եւ այրուածքներու գիտական կեդրոնները եւ  քանի մը դարմանատուներ:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը տարակուսած է, թէ ինչու կառավարութիւնը հրատապ կարգով, արտահերթ նիստով, առանց հանրային քննարկումներու ու լսումներու, խորհրդարան բերած է պետական բաժնեմաս ունեցող շուրջ հինգ տասնեակ ընկերութիւններու մասնաւորեցման հարցը:

«Ելք» դաշինքի խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է․ – «Մեզ համար խիստ անընդունելի է, որ հանրութեան ամենալայն շերտերի շահերը շօշափող կարեւորագոյն օպեէկթների սեփականաշնորհումը եւ օրէնքի քննարկումը եւ ընդունումը տեղի ունենայ առանց հանրային, խորհրդարանական պատշաճ եւ մանրամասն լսումների»:

«Ծառուկեան» դաշինքի պատգամաւոր, Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Միքայէլ Մելքումեանը դժգոհած է՝ յայտարարելով, թէ ոլորտի նախարարները անտարբերութիւն դրսեւորած են հարցի քննարկման ժամանակ:

Մելքումեանը նաեւ նկատած է, որ առանց յստակ ներդրումային ծրագրի կարելի չէ կարեւորագոյն օպեէկթները մասնաւորեցնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment