Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-էն Հայաստան Ներմուծուած է Մեծ Քանակութեամբ Թմրամիջոց

ԱՄՆ-էն Հայաստան Ներմուծուած է Մեծ Քանակութեամբ Թմրամիջոց

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան մօտ քննուող քրէական գործով ձեռնարկուած մեծածաւալ քննչական գործողութիւններու արդիւնքով բացայայտուած է կազմակերպուած խումբի կողմէ   մեծ  քանակութեամբ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէպք. թմրամիջոցը Հայաստան ներմուծուած է ԱՄՆ-էն:

Քրէական գործով իրականացուած քննչական գործողութիւններու արդիւնքով բացայայտուած են թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեամբ զբաղուող խումբի անդամներու ինքնութիւնը, որոնցմէ մէկը կը բնակի ԱՄՆ, երկրորդը՝ Հայաստան:

Այսպէս՝ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն՝ ԱՄՆ-ի մէջ բնակութիւն հաստատած, ազգութեամբ հայ տղամարդը պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է ՀՀ-ի մէջ բնակող իր մանկութեան ընկերոջ եւ վերջինիս ծանօթի հետ՝   մեծ քանակութեամբ թմրամիջոց  իւրացնելու  վերաբերեալ: Պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԱՄՆ-ի մէջ ապօրինի ձեռք բերած է «Մեթամֆեթամին» տեսակի թմրամիջոց եւ այն  ծանրոցի մէջ քօղարկելով ուղարկած է Հայաստանի Հանրապետութիւն: ՀՀ-ի մէջ ընկերը այն ստացած է եւ  իւրացնելու  նպատակով փորձած թմրամիջոցով ծանրոցը փոխանցել խումբի միւս անդամին, սակայն յայտնաբերուած է։

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու հիման վրայ՝ ՀՀ  բնակող 2 քաղաքացիներուն մեղադրանք առաջադրուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 266-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերով, անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը:

Միաժամանակ քննիչը որոշում կայացուցած է՝ ԱՄՆ բնակող տղամարդուն ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի  266-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին եւ 2-րդ կէտերու, 267.1 յօդուածի 4-րդ մասի 1-ին կէտի յատկանիշներով որպէս մեղադրեալ ներգրաւուելու մասին: Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է կալանաւորումը եւ յայտարարուած է հետախուզում:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment