Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսականները Միաձայնութեամբ Դատապարտած են Էրտողանի Թիկնազօրի Բռնարարքները

ԱՄՆ-ի Գոնկրէսականները Միաձայնութեամբ Դատապարտած են Էրտողանի Թիկնազօրի Բռնարարքները

by MassisPost

Այս պահանջը պարունակող բանաձեւը միաձայնութեամբ վաւերացուեցաւ  Ամերիկայի Քոնկրէսի անդամներու կողմէ:

ԱՄՆ Գոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի անդամները պաշտօնական Ուաշինկթընին կոչ կ’ընեն խստօրէն պատժել մօտ երեք շաբաթ առաջ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրի առջեւ տեղի ունեցած միջադէպի մեղաւորները եւ այնպիսի քայլեր ձեռնարկել, որոնք կը բացառեն նմանատիպ դէպքերու կրկնութիւնը:

Խստօրէն դատապարտելով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած այդ միջադէպը, Ներկայացուցիչներու պալատի օրակարգին մէջ ընդգրկուած բանաձեւի հեղինակները նաեւ կը յիշեցնեն, որ ընդհարումէն անմիջապէս ետք Ուաշինկթընի ոստիկանութիւնը ձերբակալած, ապա ազատ արձակած էր Թուրքիոյ նախագահի թիկնապահներէն երկուքը, քանի որ անոնց վրայ եւս կը տարածուի անձեռնմխելիութեան այն իրաւունքը, որով օժտուած են ԱՄՆ այցելող օտար պետութիւններու ղեկավարները:

«Պետական   քարտուղարութիւնը Էրտողանի անվտանգութեան ծառայութեան այդ աշխատակիցներու ազատ արձակումէն առաջ չէ պահանջած Թուրքիոյ իշխանութիւններէն, որպէսզի այդ մարդիկ, հետաքննութեան շահերէ ելլելով, զրկուին անձեռնմխելիութենէ»,- նշած են ամերիկացի գոնկրէսականները, նաեւ ընդգծելով՝ ամերիկեան իշխանութիւնները թոյլ տուած են, որ միջադէպի այդ երկու մասնակիցները առանց որեւէ խոչընդոտի լքեն Միացեալ Նահանգներու տարածքը:

Յատուկ նշելով, որ թիկնազօրի նման պահուածքը որեւէ բանով արդարացուած չէր, քանի որ «Էրտողանին վտանգ չէր սպառնար»՝ ամերիկացի օրէնսդիրները նաեւ յիշեցուցած են, որ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանի թիկնապահներու մասնակցութեամբ 16 մայիսին տեղի ունեցած ընդհարումը թիւով երրորդ նման միջադէպն էր Միացեալ Նահանգներու տարածքին:

Իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով Թուրքիոյ նախագահի թիկնազօրի պահուածքի առթիւ` բանաձեւի հեղինակները կը պահանջեն․ «ԱՄՆ-ը պէտք է մեղադրանք առաջադրէ եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ Թուրքիոյ անվտանգութեան ծառայութեան բոլոր այն աշխատակիցներուն, որոնք ուղղորդած, վերահսկած կամ մասնակցած են 16 մայիսի ցոյցը ցրելուն ուղղուած անօրինական գործողութիւններուն»:

«Այն յարգանքը, որ Միացեալ Նահանգները կը տածէ ազատ խօսքի հանդէպ, կը պահանջէ, որ ամերիկացի պաշտօնեաները յստակ կերպով արտայայտուին այս միջադէպերուն դէմ, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկեն Թուրքիոյ նման պետութիւններուն մէջ մամլոյ եւ քաղաքացիական ազատութիւնները ամրապնդելու համար: ԱՄՆ-ը պէտք է պայքարի նաեւ օտարերկրեայ պետութիւններու ղեկավարներու` իրենց երկիրներուն մէջ խաղաղ եւ ազատ բողոքի ցոյցերը ճնշելուն ուղղուած գործողութիւններուն դէմ»,- նաեւ նշուած է ամերիկացի գոնկրէսականներու մշակած բանաձեւին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment