Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկահայ Կազմակերպութիւններու Հանդիպումը Հայաստանի Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի Հետ

Ամերիկահայ Կազմակերպութիւններու Հանդիպումը Հայաստանի Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի Հետ

by MassisPost

Մայիսի 31-ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Հայկական Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներու  միօրեայ հանդիպումը, նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի:

NY-2

ՀԱԽ-ի ներկայացուցիչներ Լուսի Վարդանեան եւ Գրիգոր Մոլոյեան Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի Հետ

Սոյն հանդիպման ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ինչպէս նաեւ ԱՄն-ի հայկական տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր «Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան, երկկողմանի յարաբերութիւններ, առաջխաղացում եւ հեռանկարներ»: Այս կապակցութեամբ ընդարձակ զեկուցումով հանդէս եկաւ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան: Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ անցնող մէկ տարուան ընթացքին դեսպանատան վարած գործունէութեան մասին, որոնք կÿընդգրկէին տարբեր բնագաւառներª Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի կարգաւորումը, դիմումներ եւ նամակներ նախագահներ Օպամային եւ Թրամփին Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, միջուկային զէնքի արգիլում, հանդիպումներ ԱՄՆ-ի Գոնկրէսի անդամներուն հետ, ամերիկեան ներդրումները Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ երկրէ երկիր տեղափոխուող յանցագործներու դէմ միջոցառումներ, զինուորական կրթութիւն եւ խաղաղութեան համար պայքար:

Դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան առանձնապէս յիշատակեց նաեւ Վրաստանին եւ Ատրպէյճանին կատարուած տարբեր տեսակի անհաւասար օժանդակութիւնները բաղդատելով զանոնք Հայաստանի համար եղած յատկացումներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցան նաեւ հետաքրքրական հարցադրումնր եւ առաջարկներ մասնակիցներու կողմէ, որոնք արժանացան յարգարժան դեսպանի նկատառութեան:

Որպէս եզրակացութիւն դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան կոչ ուղղեց ակտիւիստներուն իրենց մասնակցութիւնը բերել հայ-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման գործին մէջ:

Այս առթիւ հաւաքի մասնակիցներէն ՍԴՀԿ Հայ-Ամերիկեան Խորհուրդի ներկայացուցիչ իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան Ուաշինկթընի «Ամերիկայի Ձայն» ռատիօկայանի թղթակիցին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարած է. «Մեզի կը թուի թէ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն մէջ բաւականին հարցեր կան:

«Մենք որպէս ամերիկահայեր, պէտք է որ աշխատինք Հայաստանի եւ մեր կառավարութիւններուն հետ, որպէս զի օգնենք յառաջխաղացք արձանագրել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment