Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ կը Դատապարտեն Ատրպէյճանցի Լրագրողի Առեւանգումն ու Ձերբակալութիւնը

Ուաշինկթըն եւ Պրիւքսէլ կը Դատապարտեն Ատրպէյճանցի Լրագրողի Առեւանգումն ու Ձերբակալութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է, ուր կոչ կ’ընէ «չքաղաքականացնել» Ալիեւի վարչակազմի հասցէին քննադատական յօդուածներով յայտնի լրագրողի ձերբակալութիւնը:

«Մենք կը կարծենք, որ ճիշդ չէ այդ հարցը քաղաքականացնելու փորձերը: Խնդիրը բացառապէս իրաւական հարթութեան վրայ է, եւ այն շրջանակները, որոնք միտումնաւոր կը քաղաքականացնեն հարցը՝ փորձելով վնասել ատրպէյճանա-վրացական յարաբերութիւնները, երբեք իրենց նպատակին պիտի չհասնին»,- մասնաւորապէս, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Հիքմէթ ՀաՃիեւը, ընդգծելով՝ Ատրպէյճանին ու Վրաստանին կը միաւորեն աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, որ հիմնուած է համատեղ հետաքրքրութիւններու, փոխշահաւէտ համագործակցութեան ու յարգանքի վրայ:

29 Մայիսին Թիֆլիսի մէջ առեւանգուած, յետագային Պաքուի բանտին մէջ յայտնուած ատրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլիին ազատ արձակելու կոչերուն միացած են նաեւ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոմիութիւնը: ԱՄՆ պետքարտուղարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Մուխթարլիի ձերբակալութեան կապակցութեամբ:

«Կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ ստանձնած միջազգային յանձնառութիւններուն համապատասխան, ազատ արձակել բոլոր անոնց, որոնք ազատազրկուած են իրենց հիմնարար ազատութիւններէն օգտուելու պատճառով»,- մասնաւորապէս, յայտարարած է Պետական  քարտուղարութիւնը, յատուկ շեշտելով՝ ուշադիր կը հետեւին առեւանգման հետաքննութեան ու կոչ կ’ընեն, որ այն ըլլայ ամբողջական, թափանցիկ եւ ժամանակին:

Նոյնաբովանդակ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է  նաեւ պաշտօնական Պրիւքսէլը: «Ատրպէյճանի կողմէ հիմնարար իրաւունքներու, այդ շարքին խօսքի ազատութեան իրացման սահմանափակումներու վերանայումը եւ անոնց հետեւանքով բոլոր ներգրաւուած անձերու ազատ արձակումը հրատապ հարց է՝ համաձայն Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն»,- ըսած է Եւրոմիութեան դիւանագիտական մարմնի խօսնակ Մայա Քոսիյանիչը՝ պահանջելով «արագ, մանրամասն ու թափանցիկ» հետաքննութիւն:

Մինչդեռ, անգամ այս յայտարարութիւններու  ծիրին  մէջ բանտի մէջ գտնուող լրագրողի պաշտպանը այսօր ահազանգած է, որ ատրպէյճանցի իրաւապահները իրեն արգիլած են տեսակցիլ պաշտպանեալին հետ: Փաստաբան Էլչին Սատիկովը կասկածներ ունի, որ կալանաւորուած լրագրողի նկատմամբ ապօրինի գործողութիւններ կ’իրականացուին, «այդ պատճառով ալ քրէական հիմնարկի մէջ կ’արգիլեն տեսակցութիւնը»:

Մաքսանենգութեան, օրինազանցութեան ու իրաւապահներուն դիմադրութիւն ցոյց տալու մէջ մեղադրուող Աֆղան Մուխթարլին յայտնի է իր հետաքննական գործունէութեամբ: Ատրպէյճանական անկախ աղբիւրները նշած են, որ ան հարեւան Վրաստան տեղափոխուած էր 2015 թուականին՝ Ատրպէյճանի մէջ լրագրողներու եւ իրաւապաշտպաններու նկատմամբ համատարած ճնշումներու պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment