Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լեւոն Մնացականեան․ԼՂՀ-ի Պաշտպանութեան Բանակը Առաջնագիծին Թելադրողի Դերի Մէջ է

Լեւոն Մնացականեան․ԼՂՀ-ի Պաշտպանութեան Բանակը Առաջնագիծին Թելադրողի Դերի Մէջ է

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակը առաջնագիծին հանդէս կու գայ իրադրութեան թելադրողի դերով եւ պատրաստ է այսույետ եւս պատուով կատարել իր առջեւ դրուած մարտական խնդիրը: Այդ մասին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւն Մնացականեանը հայաստանեան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ:

ԼՂ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ Մնացականեանը ներկայացուցած է «առաջնագծում տիրող իրադրութիւնը, բանակում կատարուած եւ դեռեւս ընթացքի մէջ գտնուող գործընթացների համալիրը, անդրադարձել հակառակորդի սադրիչ գործողութիւններին արցախեան զինուժի պատասխան գործողութիւնների առանձնայատկութիւններին»:

Հայաստանցի շուրջ չորս տասնեակ լրագրողներ 2-4 Յունիսին Լեռնային Ղարաբաղ էին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած ռազմական լրագրութեան դասընթացներու ծիրէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment