Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խաղաղութեան Դասակի 42 Նոր Կամաւորները Պիտի Դասաւանդեն Հայաստանեան Դպրոցներու եւ Համալսարաններու մէջ

Խաղաղութեան Դասակի 42 Նոր Կամաւորները Պիտի Դասաւանդեն Հայաստանեան Դպրոցներու եւ Համալսարաններու մէջ

by MassisPost

Ուրբաթ օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Խաղաղութեան  դասակի 42 նոր կամաւորներու երդման արարողութիւն: ԱՄՆ-էն Հայաստան ժամանած խումբ մը երիտասարդներ որպէս կամաւորներ պիտի աշխատին տեղի դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն մէջ: Անոնք պիտի դասաւանդեն անգլերէն, Համայնքի եւ երիտասարդութեան ծրագիրներուն մէջ պիտի ընդգրկուին որպէս կամաւորներ:

Բոլոր երիտասարդները ԱՄՆ քաղաքացի են, բայց անոնցմէ շատերը արդէն  հայերէնով ազատ կրնան հաղորդակցիլ՝ շնորհիւ խտացած դասընթացներուն, որոնք անցած են Հայաստանի մէջ:

Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ կամաւորներէն Տատի Մորէնոն խոստովանած է, որ հայերէնը բաւական բարդ լեզու է, բայց, քանի որ ինքը հայ ընտանիքի հետ կ’ապրի, անոնց հետ բացառապէս հայերէնով կը շփուի, հեշտութեամբ կը սորվի հայերէնը: Տատին ըսած է, որ ինքը Քարակերտի դպրոցէն ներս անգլերէն կը դասաւանդէ եւ ընթացքին հասցուցած է ծանօթանալ ու սիրել հայկական մշակոյթը:

«Երկու տարի է՝ Հայաստան եմ, Սեպտեմբերին կ’աւարտեմ: Ես շատ սիրեցի իմ ընտանիքը, Հայաստանը: Հայերէնը, այո, դժուար է, բայց իմ ընտանիքը այլ լեզու չի գիտեր, ուստի միայն հայերէնով կը շփուինք: Իմ համար հաճելի էր, որ հայկական ընտանիքները մտերիմ են, ես շատ սիրեցի հայկական ուտելիքները, պարերը: Տոլմա կը սիրում: Անցած տարի, երբ քանի մը օրով ԱՄՆ գացի, ես այնտեղ տոլմա պատրաստեցի»,- նշած է Տատի Մորէնոն:

Կամաւորներէն Քէյթ Քեսին ալ խոստովանած է, որ մեծ ջանքեր կը գործադրէ հայերէն սորվելու համար: Ան ըսած է, որ Թէքսասէն Սիսիան տեղափոխուիլը, ուր ինք կը բնակի ու կ’աշխատէի ՀԿ-ի մէջ որպէս արտաքին կապերու պատասխանատու, իր համար դժուար չէր:

Քէյթը նշած է, որ 1 տարի է, որ Հայաստան է եւ յոյսով է, որ կը կարենայ շարունակել ապրիլ այստեղ, քանի որ Սիսիանը   շատ  սիրած էր:

Ի դէպ՝ կամաւորներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւնը համընկած էր Հայաստանի մէջ Խաղաղութեան  դասակի  գործունէութեան 25-րդ տարեդարձի հետ: Խաղաղութեան  դասակի  առաջին կամաւորները Հայաստան ժամանած են 1992-ին: Խորհրդանշական էր, որ երէկ երդում տուաւ 1000-րդ կամաւորը, որ պիտի աշխատի Հայաստանի մէջ:

Ինչպէս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլսը, այս օրը յիշարժան է բոլորին համար:

«Խաղաղութեան դասակի ծրագիրով Հայաստան ժամանած են տարբեր տարիքի կամաւորներ, որոնք կը ծանօթանան ՀՀ կեանքին, մշակոյթին, առանձնայատկութիւններուն եւ, ԱՄՆ վերադառնալով, անոնք կը ձեւաւորեն  շրջանակ մը, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման դիրքերէ հանդէս կու գայ»,- ըսած է Ռ. Միլսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment