Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած է Քրտամէտ Կուսակցութեան Պատգամաւորը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած է Քրտամէտ Կուսակցութեան Պատգամաւորը

by MassisPost

Տիարպէքիրի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան» պատգամաւոր Օսման Պայտէմիրին, կը փոխանցէ «Reuters» գործակալութիւնը:

Պայտէմիր կը կասկածուի պաշտօնեական լիազօրութիւնները չարաշահելու, ինչպէս նաեւ պետական պաշտօնեաներ վիրաւորելու մէջ:

Քրտամէտ այդ կուսակցութեան 11 պատգամաւորները՝ այդ շարքին ընդդիմադիր ուժի առաջնորդներ՝ Սալահէլտին Տեմիրթաշը, Ֆիկըն Եուքսէքտաղը ճաղերու ետեւ են տարբեր մեղադրանքներով:

Օսման Պայտէմիրը Տիարպէքիրի քաղաքապետ եղած ժամանակ մի քանի անգամ ներողութիւն խնդրած է Հայոց ցեղասպանութեան համար: Ան յայտնի է նաև Տիարպէքիրի հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիի վերանորոգման գործին մէջ ունեցած մեծ աջակցութեան համար։

Պայտէմիրրը 2014 թուականին մեկնած է Հայաստան, այցելած Ծիծեռնակաբերդ ու ծաղիկներ զետեղելով խոնարհած անմար կրակի մօտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment