Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Նոր Նախագահի Օրօք Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Աւելի կը Խորանան. Դեսպան

Ֆրանսայի Նոր Նախագահի Օրօք Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Աւելի կը Խորանան. Դեսպան

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւնները բաց էին մամուլի համար եւ լայնօրէն կը լուսաբանուէին։ Այս մասին 1 յունիսին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարպանթեէն։

Ֆրանսայի քաղաքացիները կատարեցին իրենց ընտրութիւնը՝ ընտրելով բարեփոխումներու եւ «Ֆրանսան ԵՄ կազմին» մօտեցման կողմնակից Էմանուէլ Մաքրոնին։ Քաղաքական դաշտի ձեւաւորումը դեռ չէ աւարտած։ Ընտրուած է նախագահը եւ ձեւաւորուած է կառավարութիւնը, սակայն խորհրդարանական ընտրութիւնները դեռ տեղի չեն ունեցած: Դեսպանը աւելցուցած է, որ քաղաքական դաշտի վերջնական պատկերը պարզ պիտի դառնայ 18  յունիսին։

Անոր խօսքով՝ Ֆրանսայի արտաքին քաղաքականութեան մէջ պէտք չէ զգալի փոփոխութիւններ սպասել, քանի որ այն կը ձեւաւորուի քաղաքական հիման վրայ։ «Հայաստանի եւ Ֆրանսայի յարաբերութիւնները հին ու խոր են։ Նպատակն է՝ արդիականացնել այդ յարաբերութիւնները եւ աւելի շարժական դարձնել»,- ըսած է դեսպանը։

Նշենք, որ հանդիպման սկիզբը դեսպանը հայերէն խօսած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment