Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵՄ Պատուիրակութեան Ղեկավար «Նոյեմբերին Պրիւքսէլի Մէջ կը Ստորագրուի ՀՀ-ԵՄ Շրջանակային Համաձայնագիրը»

ԵՄ Պատուիրակութեան Ղեկավար «Նոյեմբերին Պրիւքսէլի Մէջ կը Ստորագրուի ՀՀ-ԵՄ Շրջանակային Համաձայնագիրը»

by MassisPost

Հազիւ թէ եւրոպական ներդրումներ գան Հայաստան, քանի դեռ դատարանները անկախ չեն եւ կաշառակերութիւնը իր պատասխանը չէ ստացած:  Այս մասին երէկ՝ 31 Մայիսին, Երեւանի մէջ «ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւնները եւ հեռանկարները» թեմայով քննարկման ժամանակ նշած է Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէոթր Սուիտալսքի:

Անոր խօսքով, Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը ճիշդ ուղիի վրայ են ու թէեւ 2013-էն Հայաստանը հրաժարած է Միութեան պայմանագրէն՝ նախընտրելով ԵՏՄ-ն, այնուամենայնիւ ԵՄ-ն չի հրաժարիր Հայաստանին աջակցելէ։

Սուիտալսքին նկատած է, որ Հայաստանը Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներէն առաջինն է, որ կառուցողական առաջարկով սկսած է համագործակցիլ Եւրոմիութեան հետ, ապա աւելցուցած, որ իրենք յոյս ունին, որ Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ կը ստորագրուի ՀՀ-ԵՄ շրջանակային համաձայնագիրը։

Իր հերթին ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի առաջին տեղակալ Գարեգին Մելքոնեանը նշեց, որ Հայաստանը եւս կ’ուզէ, որ Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ  կայանալիք գագաթաժողովի ժամանակ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագիրը ստորագրուի. «Ես համոզուած եմ, որ կողմերը ջանք չեն խնայեր այս գործընթացը ապահովելու համար»:

Անոր խօսքով, թէեւ Համաձայնագիրը առեւտրային ռեժիմի տեսանկիւնէն արտօնեալ չէ, սակայն ունի բաւական լուրջ ծածկոյթ ոլորտային եւ համագործակցութեան ձեւաչափեր սահմանելու տեսանկիւնէ. «Յառաջիկայ տարիներուն համար այն պիտի հանդիսանայ բաւականին լաւ իրաւական հիմք՝ ՀՀ–ԵՄ յարաբերութիւններու զարգացման համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment