Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոպայի Խորհուրդի Մէջ Հետաքննութիւն Սկսած է Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառակերութեան Գայթակղութեան Գործով

Եւրոպայի Խորհուրդի Մէջ Հետաքննութիւն Սկսած է Ատրպէյճանի Կողմէ Կաշառակերութեան Գայթակղութեան Գործով

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդը հետաքննութիւն սկսած է՝ կապուած Ատրպէյճանի մասնակցութեամբ ԵԽ Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ կաշառակերութեան գայթակղային դէպքի հետ: ԵԽԽՎ  շարք մը պաշտօնեաներ կը մեղադրուին կաշառքի դիմաց Ատրպէյճանի օգտին որոշումներ կայացնելու մէջ: Այս մասին յայտնած է BBC-ն:

Մասնաւորապէս, կան կասկածներ, որ Ատրպէյճանը 2013 թուականին մեծապէս ազդած է ԵԽԽՎ որոշման վրայ. այդ ժամանակ կառոյցը քուէարկութեան արդիւնքով մերժուած էր գերմանացի պատգամաւոր Քրիսթոֆ Շթրասըրի կողմէ ներկայացուած զեկոյցը, որ կը վերաբերէր Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումներուն ու կոչ կ’ընէր այդ երկրի իշխանութիւններուն ազատ արձակել քաղբանտարկեալները: Համաձայն շրջանառուող լուրերու՝ ԵԽԽՎ անդամներէն մէկուն՝ Լուքա Վոլոնթէին վճարուած է աւելի քան 2.5 միլիոն ԱՄՆ տոլար, որպէսզի զեկոյցը չընդունուի:

ԵԽԽՎ-ի մէջ կաշառակերութեան գայթակղութեան գործը պիտի հետաքննեն երեք յայտնի փաստաբան՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Նիքոլաս Պրատցան (Միացեալ Թագաւորութիւն), հակաահաբեկչական հետաքննութեան գործով  ֆրանսացի յայտնի դատաւոր Ժան-Լուի Պրուկիերը (Ֆրանսա) եւ ՄԻԵԴ նախկին դատաւոր Էլիզապէթ Ֆուրան (Շուէտ):

Հետաքննութեան արդիւնքները Եւրոպայի խորհուրդը պիտի հրապարակէ 2017 թուականի վերջաւորութեան: Ատրպէյճանը հերքած է ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները:

Իրաւապաշտպան «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը 2016 թուականի դեկտեմբերին հրապարակած էր զեկոյց, որու մէջ կատարած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով կային պնդումներ այն մասին, թէ ԵԱՀԿ խումբ մը անդամներ Ատրպէյճանի օգտին քաղաքական լոպպինկ  իրականացուցած են՝ անոր դիմաց ատրպէյճանական իշխանութիւններու կողմէ գումար ստանալով:

2017 թուականի մարտին ԵԽ գլխաւոր քարտուղար Թորպիորն Եակլընտը ԵԽԽՎ նախագահ Փետրօ Ակրամունթէն պահանջած էր «անյապաղ կազմել անկախ հետաքննող յանձնաժողով»: Այս պահանջին կողմ արտայայտուած էին ԵԽԽՎ շատ պատգամաւորներ, որոնք ընդգծած էին, որ «լուրջ ու համոզիչ մեղադրանքները կը վնասեն վեհաժողովի ամբողջականութեան»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment